ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Երեւանի մէջ նախընթաց օր պաշտօնապէս բացուեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքը։ Արքեպիսկոպոս Փարայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս առթիւ այցելեց Հայաստան։ Ան կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։ Երեւանի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակի հաստատուած դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքի բացման ընթացքին Արքեպիսկոպոս Փարա օրհնեց Վատիկանի դրօշը, որ հանդիսաւորապէս պարզուեցաւ ձողին վրայ։ Արարատ Միրզոյեանի առընթեր այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան նորահաստատ ներկայացուցչութեան շէնքին համար յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ յուշանուէր մը։

Այս բոլորէն վերջ Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները երէկ փութացին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։ Հիւր պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր, որ Երեւանի մէջ պիտի պաշտօնավարէ՝ որպէս Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ։ Բարձրաստիճան եկեղեցականներու առընթեր, Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր նաեւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մշտական ներկայացուցչութեան բացումը Վատիկանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին։

Իր կարգին, Արքեպիսկոպոս Փարա շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար եւ անոր փոխանցեց Սրբազան Պապի բարեմաղթանքները։

Զրոյցի տեւողութեան Արքեպիսկոպոս Փարա հաւաստիացուց, թէ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ ամէն ջանք գործադրել՝ յետպատերազմեան խնդիրներու յաղթահարման համար՝ մասնաւորապէս հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման գծով։

Հարկ է նշել, որ «Հայփոստ» ընկերութիւնն ալ նամականիշ մը թողարկեց Երեւանի մէջ Վատիկանի ներկայացուցչութեան շէնքի պաշտօնական բացման առթիւ։ Այդ դրոշմաթուղթը կնքուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021