ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԲՈՒՌՆ ՁԵՒՈՎ Կ՚ԸՆԴԴԻՄԱՆԱՆ ԱՊՕՐԻՆԻ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ԳՈՐԾԱՐՔԻՆ ԴԷՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ազգապատկան կալուածներու պարագային շրջանառութեան մէջ մտած վերջին մտահոգիչ լուրերու արձագանգները կը շարունակուին։ Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի Հին քաղաքի՝ աւանդաբար «Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքին, որ վանքին կողմէ 99 տարուան ժամկէտով վարձու տրուած է՝ այնտեղ եօթնաստղանի պանդոկի մը կառուցման ծրագրի իրականացման հեռանկարով։ Այս գործարքը կատարուած է՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի եւ կալւածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ։ Սաղիմահայ շրջանակներու կողմէ պոռթկումով եւ ընդվզումով ընկալուած էր այս գործարքը, ընկերային ցանցերու վրայ ահազանգ հնչեցուած էր, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Պատրիարքութեան աղբիւրները լուսաբանութիւնով մը հանդէս գալով փորձած էին հերքել այդ բոլորը։ Ըստ երեւոյթին, Պատրիարքարանի լուսաբանութիւններն ու հերքումները համոզիչ չեն եղած, արդէն Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները պարտաւորուած են հրապարակ իջնելու եւ հանդէս գալու՝ այդ գործարքը չեղեալ նկատելու պահանջով։

«Կովերու պարտէզ»ի պարագային կատարուած կարգադրութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական հարթութեան վրայ ալ խնդիրներու ծնունդ տուած էին։ Հայոց Պատրիարքարանին հետ մշակած շփումներէն արդիւնք մը չստանալով՝ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը անհանգստութիւն յայտնած էր յաչս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Թէեւ Պաղեստինի ղեկավարութեան հակազդեցութեան պարագային հասկնալիօրէն քաղաքական գործընթացները չեն կրնար բացառուիլ, սակայն, այդ վարկածէն անդին «Կովերու պարտէզ»ի պարագային կայ շատ աւելի էական խնդիր մը։ Արդարեւ, այդ գործարքի կնքման ժամանակ ակնյայտօրէն խախտուած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ուխտը։ Այսինքն՝ կանոնադրութեան խախտումը անխուսափելիօրէն այդ գործարքը կը դարձնէ ապօրինի, հակականոնադրական։

Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները այս շրջանին բուռն ձեւով կ՚ընդդիմանան «Կովերու պարտէզ»ի պարագային առնուած քայլերուն դէմ։ Երէկ, այս կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Երուսաղէմի կարգ մը յառաջատար միաբանները, որոնք այժմ արտասահմանի մէջ կը պաշտօնավարեն։ Այսպէս, այդ յայտարարութեան տակ ստորագրութիւն դրած են՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ), Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան (Արժանթինի հայոց թեմակալ առաջնորդ), Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ), Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ) եւ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան (Հիւսիսային Ամերի-կայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ)։

Այս յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, ունի զօրակցութեան բնոյթ։ Արդարեւ, բոլորովին վերջերս՝ 27 հոկտեմբեր 2021 թուականին Սաղիմական միաբանութեան տեղաբնակ անդամները այս հարցին շուրջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին, իրենց հերթին։ Թիւով 12 միաբաններ ստորագրած էին այդ յայտարարութիւնը։ Թէեւ աւելի վերջ լսումներ շրջանառութեան մէջ մտան, թէ երկու միաբան ետ առած է ստորագրութիւնը այդ յայտարարութենէն, սակայն, խնդիրը արդէն վաղուց հանրութեան սեփականութիւնը դարձած է եւ անհերքելի փաստ մըն է, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը համամիտ չէ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային կնքուած համաձայնագրին։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արտասահմանի թեմերէ ներս ծառայող՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները երէկուան յայտարարութիւնով եկած են միանալ Երուսաղէմի իրենց միաբանակից եղբայրներու յայտարարութեան, որով հակականոնական հռչակուած է «Կովերու պարտէզ»ի վերաբերեալ համաձայնագիրը, որովհետեւ այդ մէկը ստորագրուած է առանց տնօրէն ժողովին եւ միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ քննարկման ենթարկուելու եւ վաւերացուելու։

Երէկ հրապարակուած զօրակցական յայտարարութեան ստորագրադիրները մտահոգութիւն յայտնած են այս նիւթին վերաբերեալ տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Անոնք անհամաձայնութիւն յայտնած են 8 յուլիս 2021 թուականին, «Կովերու պարտէզ»ի պարագային ստորագրուած համաձայնագրին առընչութեամբ, որու տակ կը գտնուի պատրիարքին, լուսարարապետին եւ կալուածոց տեսուչին ստորագրութիւնը։

Թէ՛ տեղաբնակ միաբանները եւ թէ արտասահմանի մէջ պաշտօնավարողները համամիտ են, թէ համաձայնութիւնը հակականոնական է՝ միաբանական ուխտի անտեսուած 67-րդ յօդուածին բերումով։ Արդարեւ, այս կէտին վրայ մասնաւորապէս յիշատակուած է 2015 թուականին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնը, որու տրամադրութիւնները շատ պարզ են եւ որով ամէն ինչ շատ յստակ եւ հասկնալի է իրականութեան մէջ։ Երկու յայտարարութիւններուն մէջ ալ կարեւորութեամբ մէջբերուած է հետեւեալը.

«Աւելին՝ ըստ 2015 թուականի երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնին «...մէկէն մինչեւ 25 տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագոյն երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռի թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, տնօրէն ժողովի ատենապետի եւ կալուածոց տեսուչի կողմէ, իսկ 25-է առաւելագոյնը 49 տարիներուն՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռի թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, միաբանական ժողովի ատենապետի եւ տնօրէն ժողովի ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ պատրիարք սրբազան հօր (կամ տեղապահի), միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են»։

Ուստի, սաղիմական միաբանները կը շեշտեն, որ «Կովերու պարտէզ»ի համաձայնագիրը բացի պատրիարքէն եւ լուսարարապետէն ստորագրուած է կալուածոց տեսուչին կողմէ։ Սա ներհակ է վերոյիշեալ կանոնին, որովհետեւ կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 25-49 տարուայ ժամկէտով որեւէ համաձայնագիր՝ մանաւանդ, որ այս պարագային ժամկէտն ալ աւելի երկար է ու կը նախատեսէ 99 տարուայ ժամանակաշրջան մը։

Արտասահմանի միաբաններու երէկուան յայտարարութեան մէջ վերահաստատուած են նաեւ իրենց տեղաբնակ միաբանակից եղբայրներու հերքումները։ Այսպէս, Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ կատար-ւած յայտարարութիւնները, որոնք Պատրիարքութեան ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշիւներուն վրայ հրապարակուած են, ճիշդ չեն։ Արդարեւ, կալւածոց տեսուչը պնդած է, որ տնօրէն ժողովն ու միաբանական ընդհանուր ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնն ու օրհնութիւնը այս գործարքին համար։ «Կը պահանջենք, որ նուազագոյն այս նիւթին մասին կատարուած ատենագրութիւնը տպուի եւ բաժնուի միաբանութեան այն անդամներուն, որոնք արտասահմանի մէջ կը ծառայեն», նշուած է երէկուան յայտարարութեան մէջ։

Այս բոլորէն վերջ երէկուան յայտարարութեան մէջ Երուսաղէմի պատրիարքին, լուսարարապետին եւ կալուածոց տեսուչին խնդրանք ու յորդոր հասցէագրուած է, որպէսզի անոնք չեղեալ նկատեն իրենց ստորագրած համաձայնագիրը՝ ի շահ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ «Վանքը, միաբանութիւնն ու մեր հաստատութիւններն են, զորս պիտի ժառանգեն մեր ապագայ սերունդները: Մնայունը մեր թողելիք ժառանգութիւներն են՝ նիւթական կամ բարոյական: Եթէ լաւ գործեր կատարենք, մեզ բարի պիտի յիշեն, իսկ եթէ սխալ ու չար գործեր կատարենք՝ հաւանաբար նոյնիսկ չյիշեն եւ կամ անիծեն: Ուստի, ըլլանք ու դառնանք այն անձերէն, որոնք երանելի են եւ ունին ու թողած են յիշատակ մը Սիոնի բարձունքին կամ Երուսաղէմի մէջ», նշուած է յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021