ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Անթիլիասի մէջ 1930 թուականին ստեղծուած Դպրեվանքի յոբելեանը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ անուշադրութեան չի մատնուիր՝ հակառակ քորոնաժահրի առկայ համաճարակին։ Կիլիկեան Աթոռի Դպրեվանքը ինն տասնամեակէ ի վեր կը գործէ ի փառս Աստուծոյ եւ հայ ազգի հզօրացման համար՝ հոգեմտաւոր, մշակութապահպան եւ հայակերտ իր առաքելութիւնով ու դիմագծով։

Թէեւ համաճարակի հետեւանքով պատշաճ շուքով, լայն մասնակցութեամբ նախատեսուած ձեռնարկներով առայժմ կարելի չէ եղած նշել այս յոբելեանը, սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նախատեսէ առաջին յարմար առիթով կեանքի կոչել համապատասխան ծրագրերը։ Տարեմուտին սփիւռքի մէջ արդէն կատարուած քանի մը ձեռնարկներուն ի շարունակութիւն յառաջիկային ալ հնարաւորութեան սահմաններու ներքեւ պիտի կատարուին նոր տօնախմբութիւններ։

Կիլիկեան Աթոռի Դպրեվանքի յոբելեանը միշտ ալ այժմէական երեւոյթ մըն է, քանի որ ան մարդու պատրաստութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ վերանորոգ ոգիով։ Արդարեւ, բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին հայ իրականութեան՝ կը պատկերացնեն, թէ մարդուժի պատրաստութիւնը որքան վճռական դեր ունեցած է եւ ունի սփիւռքի տեսակէտէ։ 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020