ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցելու համար մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօրուընէ սկսեալ կը մասնակցի աշխատանքներուն։

Ըստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներուն, ԳՀԽ-ի նստաշրջանը պիտի շարունակուի մինչեւ յունիսի 8-ը։ Օրակարգի վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, Արցախի ուղղեալ ընկերային աջակցութեան ծրագրերը, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման, միւռոնօրհնութեան արարողութեան եւ յարակից միւս ձեռնարկներու կազմակերպման, Հայաստանի դպրոցներէն ներս «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման, ինչպէս նաեւ նուիրապետական աթոռներու եւ թեմերու գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։

Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ նաեւ միաբանական համագումար։ Բացի Սուրբ Էջմիածնի՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու միաբաններէն, համագումարին կը մասնակցին նաեւ բոլոր նուիրապետական աթոռներէն ներկայացուցիչներ։ Միաբանական համագումարի ծրագիրը տարածուած է վեց օրերու վրայ։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Սուրբ Հռիփսիմեանց Կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Նկատի ունենալով, որ այս տօնը նաեւ Ս. Հռիփսիմէ վանքի ուխտի օրն է՝ Նորին Սրբութիւնը Վաղարշապատ քաղաքի այս հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ իր օրհնութիւնը տուաւ հաւատացեալներուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023