ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՎԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Վան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ գլխաւորուեցաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։ Վերանորոգուելէ վերջ թանգարանի վերածուած Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։ Սա արդէն 9-րդ Ս. Պատարագն էր՝ թանգարանի վերածուած պատմական սրբավայրի կամարներուն ներքեւ։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ եւս արձագանգ գտած են արարողութիւնները։ Գումգաբուի աղբիւրները շաբաթավերջի ուխտագնացութեան շուրջ հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որմէ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 5 սեպտեմբեր 2021, կիրակի առաւօտ։

Անցեալ ուրբաթ, 3 սեպտեմբեր 2021, վաղ առաւօտուն սկսաւ սոյն ուխտագնացութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան անհանգստութեան պատճառաւ, այս տարուան ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Ուրբաթ օր, ժամը 09.10-ի թռիչքով, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Վան մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։ Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ ժառանգաւոր սաներ, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Արմաշ դպրաց խումբի անդամներ։

Երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը հասաւ Ֆերիտ Մելէն օդակայանը, ուրկէ ուղղակի մեկնեցաւ Աղթամար կղզի։ Նոյն ժամերուն ցամաքի ճամբով Վան հասան եւ խումբին միացան Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Խումբը, միջօրէին հասաւ Աղթամար կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։

ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ

Սեպտեմբերի 4-ին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, ժամը 11.00-ին իր պաշտօնարանին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Մեհմէտ Էմին Պիլմեզին։ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց հայր սուրբերուն եւ կարողութիւն՝ կիրակնօրեայ պարտականութեանց համար։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։ Պիլմեզ իր ողջոյններն ու արագ ապաքինման մաղթանքները յղեց Նորին Ամենապատուութեան եւ յիշեց իր նախորդ այցելութիւններուն ընթացքին արտասանած խօսքերը, որոնցմէ տպաւորուած էր։

Իր կարգին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նախ փոխանցեց մեր Հոգեւոր Պետին ողջոյնները, ապա ըսաւ, որ սոյն ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցին կուսակալին նուիրեց Օսմանեան շրջանի հայ նկարիչներու մասին Կարօ Քիւրքմանի երկհատոր աշխատասիրութիւնը։ Իսկ Պիլմեզ նուիրեց Աղթամարի յախճապակեայ նկար մը։

Ուխտաւորները կէսօրին Վանի մէջ միասնաբար ճաշելէ ետք, մեկնեցան տեղւոյն տեսարժան վայրերէն Մուրատիէ ջրվէժը, ուր կարճ այցելութիւն մը տուին։

Իսկ երէկ, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը Վանի նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար կղզի։

Ժամը 11.00-ին կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Կը սպասարկէին Հրաչեայ Սրկ. Սուրէն, բրկ. կիսասարկաւագներ՝ Ղազար Սապունճեան, Արտա Փնարճեան, Էրքան Գրիգոր Կարապետեան եւ բրկ. Պարգեւ դպիր Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ դպրաց խումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Յարութիւն Էտվին սրկ. Կալիպեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Մեհմէտ Էմին Պիլմեզ, Վանի անվտանգութեան տնօրէն Աթանուր Այտըն, Վանի զինուորական հրամանատար Հիւսէյին Պեքմեզ, Կեւաշի գաւառապետ Համիտ Կենչ եւ այլ պաշտօնական անձեր։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան քարոզեց բնաբան ունենալով՝ «Լոյսը աշխարհ եկաւ, սակայն մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին» (Յովհ. Գ.19)։ Քարոզի ընթացքին հայր սուրբը անդրադարձաւ լոյսի խորհուրդին, Քրիստոսի աշխարհի լոյսը ըլլալուն եւ լուսաւորուած մարդու յատկանիշներուն։ Քրիստոսի լոյսին հետեւիլ կը հարթէ հաւատացեալին համար լուսաւոր ճանապարհ այս աշխարհի վրայ։ Քրիստոսի լոյսը ճշմարիտ է եւ երբեք խաւար չկայ անոր մէջ եւ կը լեցնէ իր ներկայութեամբ մեր կեանքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տեղւոյն աւագանիին, որ բարի եղած է գործակցիլ Աթոռի, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլեւս աւանդական դարձած սոյն ուխտագնացութիւնը։

Նկատի ունենալով համավարակի պայմանները, այս տարի կարելի չեղաւ տաճարին մէջ ընդունիլ հաւատացեալները։ Ուխտաւորներու փոքրիկ խումբ մը ժամատունէն հետեւեցաւ արարողութեանց։ Այլ ներկաներ կրցան մասնակցիլ միայն բացօթեայ անդաստանին։

Իսկ Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ապա պատարագիչ հայր սուրբը հաղորդութիւն տուաւ հոգեւոր հայրերուն եւ ժամատան մէջ գտնուող հաւատացեալներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ 

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի գլխաւորութեամբ՝ հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Հոգեպարար էր այն պահը, երբ թափօրը կը դառնար եւ կ՚օրհնուէին աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։

Ապա հանդիսադիր հայր սուրբի տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ պատմական արարողութիւնը։

Այստեղ հայր սուրբն ու Մեհմէտ Էմին Պիլմեզ միասնաբար յայտարարութիւն տուին մամլոյ աշխատակիցներուն եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին քանի մը վայրկեան առաջ աւարտած Ս. Պատարագին համար եւ յոյս յայտնեցին, որ յառաջիկայ տարի կ՚աւարտի համավարակը եւ նախորդ տարիներու նման ոգեւորութեամբ կը կատարուի աւանդական դարձած սոյն արարողութիւնն ու ուխտագնացութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լճի ափին հաւաքուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ։

Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ հոգեւոր հայրերու ու սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկուն վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021