Տ. ՊԱՐԷՏ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՐԷՑԵԱՆ ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն շաբաթավերջին հասան զգայացունց լուրեր։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի դիւանը տեղեկացուց, որ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան։ Տնօրէն ժողովին կողմէ միաձայն ընդունուած որոշման հիման վրայ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան կարգալոյծ հռչակած է այս երէց միաբանը, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կալուածոց տեսուչի պաշտօնը կը վարէր։ Տնօրինութեան համար հիմք ընդունուած է Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի անհաւատարմութիւնը Սուրբ Աթոռի կարգ ու կանոններուն դէմ։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս նշուած է, որ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի համաձայնագրին վերաբերեալ ան շարք մը խարդախութիւններ եւ խաբեբայութիւններ կատարած է։ Կարգալոյծը այլեւս կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ իր Խաչիկ Երէցեան աւազանի անունով։

Հարկ է յիշեցնել, որ երկար ժամանակ առաջ, հակառակ Սուրբ Աթոռի գահակալի միջնորդութեան, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մերժած էր եպիսկոպոս ձեռնադրել Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանը, ինչ որ այդ ժամանակ բաւական աղմուկ յառաջացուցած էր։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023