ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։ Զրուցակիցները կարեւորեցին երկու ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամական կապերը՝ յոյս յայտնելով, թէ ապագային անոնք առաւել եւս պիտի խորանան ու պիտի սերտանան։

Զրոյցի տեւողութեան Իրանի դեսպանը անդրադարձաւ տարածքաշրջանային իրավիճակին, ընդգծեց հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իր երկրին համար շատ կարեւոր է ի դէմս Հայաստանի ունենալ հզօր ու տնտեսապէս զարգացած հարեւան մը։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցային յարաբերութիւններուն վրայ։ Անոնք կարեւորեցին մշակոյթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը, կրօնական երկխօսութիւնը, միջկրօնական համաժողովներու կազմակերպումը։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Միխայէլ Պանցհաֆի հետ, որ այս շրջանին կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021