ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան։ Երգեցողութիւնները առաջնորդուեցան Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի կողմէ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ Պահքի սեղան մը։ Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան։ Սիրոյ սեղանին շուրջ ալ արտայայտուեցաւ հայր սուրբը, որ եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանին նուիրեց իր գիրքը։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024