ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԼԱՔՈԹԻ ՀԵՏ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, որ ներկայիս իր դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ Ֆրանսա՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, իր նպաստը կը բերէ Արցախի հիմնախնդրի արդար կարգաւորման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, ֆրանսացի դեսպանը ջերմ ընդունելութեան համար երախատագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Ան ընդգծեց, որ իր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանումն ու շարունակական ընթացքի ապահովումը։

Զրոյցի տեւողութեան դեսպանը դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը յառաջացուցած է բազմաթիւ հարցեր, որոնք տակաւին չեն արժանացած միջազգային հանրութեան պատշաճ ուշադրութեան ու գնահատանքին։ Այս առընչութեամբ դեսպան Լաքոթ հաւաստիացուց, թէ Փարիզ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել հիմնախնդրի արդար ու խաղաղ կարգաւորման համար։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը ֆրանսացի դեսպանին նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իր ապագայ գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021