ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ միտումնաւոր ռմբակոծման մասին հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։

*

Տեղեկացանք այսօր Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակավայրերու հերթական հրետակոծութեան ժամանակ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորման եւ միտումնաւոր ռմբակոծութեան։ Ատրպէյճան վերստին փաստեց Արցախը հայաթափելու եւ հայկական մշակութային ներկայութիւնը ոչնչացնելու իր նենգ ծրագիրը՝ աջակից ունենալով (…) վարձուած ահաբեկչական-ծայրայեղական զինեալներ։ Աստուծոյ հետ մեր ուխտը ամուր է, հաւատը՝ աներեր։ Ղազանչեցոցը՝ իբրեւ խորհրդանիշ մեր արցախահայութեան ազատատենչ ոգիի եւ Արցախի վերածնունդի, անխորտակելի է եւ ինչպէս անցեալին, այսուհետ եւս պիտի շարունակէ իր օրհնութիւնը տարածեալ պահել մեր ժողովուրդի վրայ եւ վկայել Արցախի մեր քաջարի զաւակներու ազատ ու անկախ ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը, լաւատեսութիւնը գալիքի նկատմամբ։

Աստուած պահապան ու օգնական մեր արիասիրտ զաւակներուն եւ Արցախի հաւատաւոր ժողովուրդին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020