ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Մանուկները մեծահասակներէն աւելի լաւ կը զգան Աստուծոյ ու Տիրոջ շնորհը, քանզի անմեղ են: Երեխաները սխալ չէ, ընդհակառակը՝ անհրաժեշտ է մկրտել. մի՛ մեղանչեցէք, ականջալուր ըլլալով աղանդներու Սուրբ Գիրքին հակասող սուտերուն:

Բողոքականները մանուկները չեն մկրտեր՝ պնդելով մկրտութենէ առաջ հաւատք ունենալու անհրաժեշտութեան մասին՝ ըստ Տիրոջ հետեւեալ խօսքին. «Ով հաւատայ եւ մկրտուի, ան կը փրկուի»: (Մարկ. 16:16), ու հիմնուելով այն փաստի վրայ, որ մանուկը չի հասկնար, թէ մկրտութեան ժամանակ ինչ կը կատարուի:

Այսպէսով անոնք կը բացագանչեն. «Ինչպէ՞ս կրնայ մկրտութիւն կատարուիլ առանց հաւատքի կամ ըմբռնումի»:

Սակայն մեր եկեղեցին կը պնդէ մանկամկրտութեան անհրաժեշտութեան մասին՝ հետեւեալ պատճառներով.

ա) Մեր եկեղեցին մտահոգ է մանուկներու յաւիտենական կեանքի համար, քանզի Տէրը կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը չծնի ջուրէն ու հոգիէն, չի կրնար մտնել Տիրոջ արքայութիւն» (Յովհ. 3:5): Ուրեմն ինչպէ՛ս կրնանք արգիլել մկրտել երեխաները ու յանձնել զանոնք Աստուծոյ դատաստանին, եթէ վերոյիշեալ խօսքը ըսած ժամանակ Տէրը չբացառեց մանուկները:

բ) Մկրտութեան միջոցաւ մենք մանուկներուն հնարաւորութիւն կու տանք ապրելու եկեղեցւոյ կեանքով ու վայելելու եկեղեցական խորհուրդները՝ իրենց բոլոր ներգործութիւններով հանդերձ: Ինչպէս նաեւ աստուածային շնորհի ներգործութիւնը իրենց կեանքին մէջ: Այս կերպով մենք գործնականօրէն կը պատրաստենք մանուկները հաւատքի կեանքի: Իսկ եթէ մենք անոնք հանէինք եկեղեցւոյ անդամակցութենէն, զրկած կ՚ըլլայինք հաւատքէն ու այն միջոցներէն, որոնցմով կը գործէ շնորհը:

գ) Տիրոջ խօսքը՝ «Ով հաւատայ ու մկրտուի, կը փրկուի», կը վերաբերի մեծահասակներուն, որոնք ընդունակ են ըմբռնելու հաւատքի նշանակութիւնը: Հետեւաբար մենք չենք կրնար մկրտել մեծահասակները, քանի դեռ անոնք չեն հաւատար՝ ըստ Տիրոջ խօսքի (Մարկ. 16:16): Իսկ ինչ կը վերաբերի մանուկներուն, անոնց համար ըսուած է Տիրոջ հետեւեալ խօսքը. «Ձգեցէ՛ք եւ մի՛ արգիլէք մանուկները գալ իմ մօտ, քանզի այդպիսիներունն է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթ. 19:14):

դ) Ինչ կը վերաբերի հաւատքի պարագային, ոչինչ կը խանգարէ, որ մանուկները հաւատք ունենան: Անոնք յատուկ չեն մեծահասակներու՝ կասկածները, հարցաքննութիւնները եւ պատճառաբանութիւնները: Այդ իսկ պատճառաւ առիթ մը չկայ, որ զրկենք անոնք երկինքի արքայութեան մաս կազմելէ: Անոնց մկրտութիւնը համաձայն է «Ազատ փրկութեան» սկզբունքին, որուն կը հաւատան եւ որ մեծապէս կը քարոզեն բողոքականները:

ե) Եթէ մենք ծայրայեղօրէն ընդունինք հաւատքը իբրեւ նախապայման, մկրտութենէ պիտի զրկենք նաեւ շատ մեծահասակներ, որոնք մտաւոր այնքան կարողութիւն կամ հասունութիւն չունին ըմբռնելու հաւատքին վերաբերող սկզբունքներն ու խորութիւնները: Ինչպէս շատ հասարակ գիւղացիներ, բանուորներ, անգրագէտներ, թերի կրթութիւն ունեցողներ եւ անոնք, որոնք ունին խիստ սահմանափակ մտաւոր ունակութիւններ՝ ընկղմելու աստուածաբանական խնդիրներու խորը: Ո՞րը պէտք է ըլլայ այսպիսի անհատներու հաւատքի ընդունելութեան չափը: Մենք պէտք է զրկենք անոնք մկրտութենէ, ինչպէս մանուկնե՞րը:

զ) Ոմանք կը հարցնեն. «Իսկ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ մանուկ մը հասակ առնելով մերժէ հաւատքը»: Ան պիտի ըլլայ ինչպէս հաւատուրաց մը: Ան իր ազատ կամօք կրնայ մերժել մկրտութեան ժամանակ իր ընդունած շնորհը: Սակայն մենք պէտք է ընէինք անոր հանդէպ մեր պարտքը: Ան կ՚ըլլայ այնպէս մէկը, որ սկսելով Սուրբ Հոգիով, այժմ կը փորձէ աւարտիլ մարմնով (տե՛ս Գաղ. 3:3):

Սակայն աւելի հաւանական է, որ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած եւ անոր մէջ կենցաղավարող մանուկները, որոնք կը վայելեն անոր շնորհառիթ միջոցները, նուազ ենթակայ ըլլան խեղումի վտանգին, քան անոնք, որոնք մինչեւ չափահաս դառնալը մնացած են առանց մկրտութեան:

է) Մանկամկրտութիւն մերժողները փաստօրէն կը մերժեն փրկութեան համար մկրտութեան անհրաժեշտութիւնը (Մարկ. 16:16). քանզի եթէ անոնք իրապէս կը հաւատան փրկութեան համար մկրտութեան անհրաժեշտութեան, ապա վտանգաւոր է մանուկները փրկութենէ զրկելը:

Քանի որ բողոքականները կը պըն-դեն, թէ հաւատքը փրկութեան պայման է, իսկ մանուկները հաւատք չունին, ապա, ըստ անոնց, ի՞նչ կը սպասէ չմկրտուած ու անհաւատ մանուկներու: Արդեօք պիտի փրկուի՞ն առանց մկրտութեան: Սա հարցը կը մնայ անպատասխան:

ը) Մենք կը մկրտենք մանուկները, քանզի Սուրբ Գիրքը այդ մասին կը բերէ պարզորոշ վկայութիւններ, երբ կը յիշատակէ ամբողջական ընտանիքներու մկրտութեան մասին կամ անձ մը՝ իր բոլոր ընտանիքով: Անմտութիւն կ՚ըլլար խորհիլ, թէ այդ բոլոր ընտանիքներու մէջ մանուկներ չկային:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի - 1

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022