ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց հատոր մը, որ կ՚ընդգրկէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնը եւ կենսամատենագիտութիւնը։ Երկու բաժիններէ կազմուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ․ Արարատ Քահանայ Պօղոսեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակիցներ՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մայա Գրիգորեան եւ մատենագէտ Գոհար Սարգսեան։

Հրատարակութիւնը նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակին։

Այս աշխատութեան առաջին մասին մէջ Վեհափառ Հայրապետին՝ 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնն է, իսկ երկրորդ մասը՝ անոր կենսամատենագիտութիւնը:

Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

Այս առիթով հարցազրոյցներ ունեցանք թէ՛ Տ․ Արարատ Քահանայ Պօղոսեանի եւ թէ՛ մատենագէտներ Մայա Գրիգորեանի եւ Գոհար Սարգսեանի հետ: Այս բաժինով կը ներկայացնենք Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեանի հետ զրոյցը, իսկ գիրքին միւս բաժինը պատրաստող մատենագէտներուն հետ զրոյցը՝ յաջորդիւ:

-Տէ՛ր Հայր, ինչպէ՞ս յղացաք նման հատոր մը կազմելու գաղափարը:

-Տարիներ առաջ՝ 2011 թուականին, Վեհափառ Հայրապետի ծննդեան 60-ամեակին առիթով, իմ հեղինակութեամբ կազմուած եւ Մայր Աթոռի հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած էր մատենագիտական նմանատիպ աշխատանք մը, որ իրականացուած էր միայն «Էջմիածին» ամսագրի՝ 1970-2010 թուականներուն հրապարակած նիւթերու ծիրէն ներս: Այս հրատարակութենէն յետոյ միտք յղացանք ընդլայնել Վեհափառ Հայրապետի գործունէութեան անդրադարձած պարբերականներուն ցանկը:

-Ի՞նչ աշխատանքներ նախորդած են գիրքի պատրաստութեան:

-Առաջին հերթին նախաձեռնեցի շարունակել «Էջմիածին» ամսագրի նիւթերուն մատենագիտական նկարագրութիւնները, ապա ներգրաւեցի «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթի հրապարակած նիւթերը, քանի որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի պարբերականներուն հաւաքածոն ամբողջական չէր, ուստի դիմեցի Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախկին տնօրէն՝ տիար Տիգրան Զարգարեանին եւ խնդրեցի ինծի տրամադրել Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերաբերող նիւթերուն մատենագիտական քարտարանին պատճէնները: Տիար Զարգարեան, խնդրանքիս ընդառաջ, սիրայօժար տրամադրեց նշեալ քարտարանը, որ այսօր կը պահուի Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանէն ներս: Ձեռնամուխ եղայ այդ քարտարանի թուայնացման ու դասաւորման աշխատանքներուն, սակայն շատ լուրջ խոչընդոտներու հանդիպեցայ. անհրաժեշտ էին որոշ նիւթերու տպագիր տարբերակները, անշուշտ լրացուցիչ դժուարութիւններ կը ծագէին նաեւ Մայր Աթոռէն ներս ստանձնած իմ պարտականութիւններէս բխող ժամանակի մեծ սղութեան պատճառով, իսկ մատենագիտութիւն կազմելը, ինչպէս յայտնի է, աշխատատար եւ ժամանակատար գործընթաց մըն է: Կրկին օգնութեան հասաւ Ազգային գրադարանը. դիմեցի տիար Զարգարեանին եւ խնդրեցի իմ ըրած գործս միասին շարունակենք, պատասխանը, ինչպէս եւ սպասելի էր, դրական էր: Անմիջապէս զատուեցան նշեալ աշխատանքները իրականացնող լաւագոյն մասնագէտներէն երկուքը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մայա Գրիգորեանը եւ բաժնի աշխատակցուհի Գոհար Սարգսեանը, որոնց հետ ձեռնամուխ եղայ սոյն մատենագիտութիւնը կազմելու, այնուհետեւ ստանձնեցի աշխատանքին խմբագրումը:

-Տարեգրութիւնն ու կենսամատենագիտութիւնը միասին որքա՞ն ժամանակ առին:

-Նախ նշեմ, որ կենսամատենագիտութեան մէջ տարեգրութիւնը ներգրաւելու գաղափարին շատ կարեւորութիւն կու տամ, քանի որ առաջին անգամ ընթերցողին ուշադրութեան կը ներկայացուի Վեհափառ Հայրապետին 1951-2019 թուականներու համառօտ տարեգրութիւնը, որ սերտօրէն կ՚առընչուի կենսամատենագիտութեան հետ: Ինչպէս նշեցի, տակաւին 2016-2017 թուականներուն սկսած էի այս աշխատանքը առանձին կատարել, սակայն յառաջացած որոշ դժուարութիւններուն պատճառով՝ 2018 թուականէն սկսեալ, աշխատանքները իրականացուցինք վերոնշեալ մասնագէտներուն հետ:

-Ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք բուն աշխատութիւնը կազմելու եւ հրատարակելու ընթացքին:

-Վեհափառին գործունէութեան անդրադարձած են գրեթէ բոլոր պարբերականները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Լուսաբանուած է անոր գործունէութեան ամէն մէկ քայլը, այդ պատճառով «Կենսամատենագիտութիւն» բաժինին մէջ ընդգրկուած նիւթը ծաւալուն է: Ուստի առաջին դժուարութիւնը պարբերականներու եւ նիւթերու առատութիւնն ու ծաւալը եղած է, որ անհրաժեշտ էր դասաւորել, նկարագրել եւ ի հարկին նաեւ ծանօթագրել: Միւս դժուարութիւնը կապուած էր ցանկերուն հետ: Այս հրատարակութիւնը կը բնորոշուի հարուստ եւ բազմատեսակ ցանկերով, որոնք բաւական դժուարութեամբ կազմուած եւ խմբագրուած են:

Այս բոլորով հանդերձ կենսամատենագիտութիւնը կազմելու ժամանակ խստօրէն պահպանուած են նման աշխատանքներու համար անհրաժեշտ բոլոր պահանջները:

-Պատմական ի՞նչ արժէք ունի այս գիրքը:

-Պարբերական մամուլը մարդկութեան պատմութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի օրագրային գրառումը կամ արձանագրումն է, աւելի ճիշդ՝ գրաւոր-վաւերագրային յիշողութիւնը: Մամուլին մէջ ամբարուած հարուստ, օգտաշատ ու բազմաբնոյթ նիւթերը խոր հետք կը ձգեն հասարակական եւ գիտական մտքի զարգացման վրայ:

Մնայուն արժէքներ ստեղծող, նաեւ առաքելութիւն իրականացնող անձը, ինչպէս օրինակ՝ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդը, անհրաժեշտաբար պէտք է ունենայ իր կեանքի տարեգրութիւնն ու կենսամատենագիտութիւնը, առանց որոնց անոր գործունէութեան ուսումնասիրութիւնը թերի կ՚ըլլայ, իսկ մամուլին մէջ տպագրուած նիւթի գործածման արդիւնաւէտութիւնը՝ խիստ ցած: Կենսամատենագիտութեան առաջնային նպատակներէն է մերօրեայ հասարակութեան եւ ապագայ սերունդներուն հնարաւորութիւն ընձեռել լաւագոյնս ճանչնալու, անկողմնակալ ու անաչառ կերպով արժեւորելու հայրենասէր, եկեղեցանուէր կաթողիկոսին նախանձախնդիր եւ արդիւնաւոր 20-ամեայ գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ այսօր Հայ Եկեղեցին ու եկեղեցականը աներկբայ ներկայութիւն են հայոց կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս:

Կը խորհիմ, որ մինչ այս պահը առիթը չէր ստեղծուած տեսնելու այն հսկայածաւալ աշխատանքը, որ շուրջ քսան տարի է, որպէս ազգընտիր Հայրապետ, կ՚իրականացնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը: Լաւագոյն պարագային միայն կարող էինք ընթերցել անոր կենսագրական որոշ տեղեկութիւնները (ընդամէնը քանի մը էջ) կամ հետեւիլ մամուլի հրապարակումներուն, այսինքն՝ հասու ըլլալ խճանկարի քանի մը կտորին միայն, որով, բնականաբար, չենք կրնար տեսնել դարակազմիկ գործունէութեան ամբողջական համայնապատկերը, իսկ հրատարակուած տարեգրութեան եւ կենսամատենագիտութեան շնորհիւ մեր առջեւ կը բացուի խճանկարին ամբողջական պատկերը, որ կարող է ներկայացուիլ պատմութեան արդար դատին:

-Գիրքը նաեւ հարուստ աղբիւրագիտական ձեռնարկ է, ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր աղբիւրագիտական արժէքը:

-Ջանացած ենք ընդգրկել Վեհափառ Հայրապետին վերաբերող բոլոր նիւթերը, որպէսզի դիւրանայ մամուլը ձեռքի տակ չունեցողներուն աշխատանքը եւ ընթերցողը պատկերացնէ, թէ ի՛նչ աշխատատար եւ մեծածաւալ գործ կատարուած է այս հատորը պատրաստելու համար: Բաւական է նշել, որ «Տարեգրութիւն» բաժնին մէջ նկարագրուած է Վեհափառ Հայրապետին կենսագրութեան վերաբերող կարեւոր եւ յիշարժան 2164 իրադարձութիւն, իսկ «Կենսամատենագիտութիւն» բաժինը կազմելու համար գործածուած է 120 միաւոր գրականութիւն (101 անուն պարբերական, 19 անուն գիրք ու համայնագիտարան), պայմանական թեմաթիք բաժանումներուն թիւը երեք տասնեակէ աւելի է, մատենագիտական նկարագրութիւններուն թիւը՝ 11164: Հատորը օժտուած է նաեւ բազմապիսի օժանդակ ցանկերով:

-Եղա՞ծ են նախադէպեր՝ այլ կաթողիկոսներու կենսամատենագիտութիւնն ու տարեգրութիւնը կազմելու:

-Հայոց կաթողիկոսներէն ծանօթ է Վազգէն Ա. Հայրապետին վերաբերող Սուրէն Շտիկեանի կազմած կենսամատենագիտութիւնները եւ տարեգրութիւնները, որոնք սակայն, չունին սոյն հատորին ծաւալները՝ թէ՛ նկարագրութիւններու քանակին, թէ՛ տարեգրութեան տարիներուն, թէ՛ ներառնուած մամուլի քանակին եւ թէ ցանկերու բազմազանութեան տեսանկիւնէն: Վստահօրէն կարող ենք ըսել, որ այս ընդգրկմամբ, այս մէկը առաջին աշխատանքն է:

-Դուք, իբրեւ տարեգրութիւն կազմող, ի՞նչ ուշագրաւ դրուագներ յայտնաբերած էք այդ բաժինի աշխատանքին ընթացքին:

-Վեհափառ Հայրապետին տարեգրութեան մէջ, օրագրային տեսքով, կը ներկայացուին Կաթողիկոսին հանդիպումները, ընդունելութիւնները, այցելութիւնները եւ մասնակցութիւնը հոգեւոր-եկեղեցական ու ազգային կեանքէն ներս տեղի ունեցած բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւններուն, միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն ու կապերուն, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցին, Հառիճավանքի «Թրբանճեան» ընծայարանին, Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման մասին եղած նիւթերը:

-Տեղեակ եմ, որ կենսամատենագիտութեան մէջ մեծ տեղ տրուած է Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, իբրեւ Կաթողիկոսին եւ առհասարակ Մայր Աթոռին գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանող արտասահմանեան մամուլ: Այդ հանգամանքը ինչպէ՞ս արտացոլուած է գիրքին մէջ:

-Կ. Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմական եւ մերօրեայ ունեցած կարեւոր դերին մասին այստեղ չէ, որ պէտք է խօսիլ, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հանդէպ ունեցած փոխադարձ յարգանքին լաւագոյն դրսեւորումը կը համարենք Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Մայր Աթոռին մէջ թերթին 100 եւ 110-ամեակներուն հանդիսաւոր երեկոյթներուն կազմակերպումը: Ինչ կը վերաբերի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գործունէութեան լուսաբանման եւ սոյն հրատարակութեան մէջ այդ լուսաբանումները ընդգրկելուն, ապա բաւարարուինք միայն նշելով, որ 1999-2019 թուականներու ժամանակահատուածին գործածուած է 1575 նկարագրութիւն, այն պարագային, երբ հատորին նկարագրութիւններուն ընդհանուր թիւը շուրջ 11 հազար է: Այսինքն կարելի է ըսել, որ Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթերէն յետոյ Մայր Աթոռին գործունէութեան ամենաշատը անդրադարձած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

-Վեհափառին գործունէութիւնը ներկայացուած է ոչ միայն Հայաստանէն ներս, այլ նաեւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ: Այս առումով, ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս հատորը:

-Մանաւանդ Մայր Աթոռի պաշտօնական մամուլին մէջ կը խօսուի Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն մէջ տեղի ունեցած կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն մասին: Կը նկարագրուի Վեհափառ Հայրապետին սփիւռքի մէջ ծաւալած ակնառու հայապահպան գործունէութիւնը, որ օտար միջավայրի մէջ ազգային նկարագիրը պահպանելու համար մեծ դեր ունի եւ սոյն հատորը բացառիկ է Մայր Աթոռի հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութեան իրականացումը փաստագրելու եւ ամբողջական ներկայացնելու տեսանկիւնէն:

-Մամուլի հրապարակումներուն մէջ, բնականաբար, եղած են նաեւ բացասական երանգով եւ խարդաւանք հրահրող նիւթեր: Ինչպէ՞ս մօտեցած էք այդպիսի հրապարակումներուն:

-Ինչպէս արդէն նշեցինք, Վեհափառ Հայրապետին գործունէութեան անդրադարձած է գրեթէ ողջ մերօրեայ հայ մամուլը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ուստի որոշ պարբերականներէն նիւթերը վերցուցած ենք ընտրովի, նախապատուութիւնը տալով այն յօդուածներուն, որոնք բովանդակային առումով ըստ արժանւոյն ներկայացուցած են Վեհափառ Հայրապետին գործունէութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020