ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԲԱԺԱԿԱՃԱՌԵՐ

Օրեր առաջ հայութիւնը մեծ ցնծութեամբ ու ոգեւորութեամբ դիմաւորեց նորի սկիզբը ու տակաւին կը շարունակէ տօնել զայն։ Յիրաւի, մի միայն Հայաստանի մէջ չէ, որ բախտաւորուած եմ դիմաւորելու իմ ամենասիրելի տօնը՝ Ամանորը։ Սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ Հայաստանի, մասնաւորապէս Արցախի մէջ Նոր տարին ինքնատիպ է։ Խորովածի ծուխի տակ ծխացող քաղաք, մանկանց խինդեր, յոյսի արթնացում եւ այլն…

Ինչպէս իւրաքանչիւր տխուր կամ ուրախ առիթի պարագային, Նոր տարիին եւս հայ օճախներու ամանորեայ սեղանները կը ծաղկեցուին, կը գունաւորուին բաժակաճառերով։ Ամէն անգամ, ոգելից խմիչքով լի գաւաթ մը բարձրացնելէ առաջ, կը հնչէ կենաց մը։ Կ՚ըսեն, թէ բաժակաճառերը ունին հերթականութիւն, որ կը խախտուի մի միայն Նոր տարիին։

Տարիներ անց, կարօտը սրտիս մէջ, այս տարի ահաւասիկ վերստին բախտաւորուեցայ 2020 թուականը դիմաւորելու ծննդավայրիս մէջ։ Յայտնի է, թէ դեկտեմբերի 31-ին, ժամացոյցի սլաքը ժամը 12-ին մօտեցաւ՝ ամանորեայ գեղեցիկ բաժակաճառով մը։ Բոլորս զիրար շնորհաւորեցինք Նոր տարուայ կապակցութեամբ։ Այնուհետեւ պահ մը դադար տուինք. կը պատասխանէինք շնորհաւորական զանգերու տեղատարափէն շիկացած հեռաձայններուն։ Քանզի Ամանորի գիշերը կանուխ պառկիլ չկայ. կիրքերը հանդարտելէ վերջ, ժամ մը ետք շարունակուեցան բաժակաճառերը…

Յաջորդ օր, հանդերձ ընտանեօք այցելութեան գացինք մանկութեան ընկերուհիիս տունը։ Այստեղ սեղանապետը իւրաքանչիւր բաժակաճառի կը սկսէր հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Յարգելի սեղանակիցներ, սիրելի բարեկամներ, կ՚ուզեմ հերթական բաժակը բարձրացնել…»։ Երիտասարդը անկախ կենացի բովանդակութենէն, իր խօսքը կ՚եզրափակէր խաղաղութեան մաղթանքով. «մեր երկրին ալ խաղաղութիւն…, թող մեր զաւակները մեծնան խաղաղ երկինքի տակ…»։ Քանի մը անգամ խաղաղութիւն բառը շեշտելէ վերջ ալ նշեց, թէ չկարծէք, որ վախկոտ ենք, պարզապէս մենք պատերազմ չենք ուզեր, մենք խաղաղասէր ենք։ Բաւական տպաւորուեցայ, քիչ մըն ալ շուարեցայ, Նոր տարիին անընդմէջ լսելով խաղաղութիւն բառը։

Քանզի օրը տակաւին չվերջացաւ, իսկ տօներն ալ կը շարունակուին, մենք օրուայ երկրորդ կէսին, գրեթէ գինովցած մէկ սեղանէն յայտնուեցանք մէկ այլ սեղանի շուրջ։ Այստեղ խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։ Ու բնաւ էական չէր, որ մենք լաւ կերած-խմած էինք. պարտաւոր էինք ծայրէ ծայր համտեսելու տեսակ-տեսակ ուտելիքները, խմելու բոլոր կենացները… Ի վերջոյ հայու օճախ է չէ՞։

Մեր երկրորդ հիւրընկալուած ընտանիքին մէջ սեղանապետը միջին տարիքի, բարեկիրթ տղամարդ մըն էր, որ հնչեցուց բովանդակութեամբ նոյն, երանգաւորմամբ այլազան բազում գեղեցիկ բաժակաճառեր, որոնցմէ մի քանին կ՚ուզեմ կիսուիլ ընթերցողներուս հետ։

Սովորաբար առաջին բաժակաճառով կը խմեն Նոր տարւոյ կենացը. մաղթելով, որ ան ըլլայ բարեբեր ու անփորձանք։ Մեր սեղանապետը նոյնպէս հաւատարիմ մնաց ընդունուած կարգին։

Երկրորդ բաժակով սեղանապետը խմեց բոլոր ծնողներու կենացը. մաղթելով, որ անոնց օրհութիւնը մեր վրայէն անպակաս ըլլայ։ Ոչ մէկ ծնողի աչքերը արցունքով լեց-ւին։ Թող ամէն ծնող պարծենայ իր զաւակով։ Իսկ այն ծնողները, որոնք կը բացակայէին մեր շարքերէն, թո՛ղ Աստուած անոնց հոգիները լուսաւորէ։

Երրորդ բաժակը յոտնկայս խմեցինք արցախեան ազատամարտի, քառօրեայ պատերազմի ընթացքին մեր ունեցած զոհերու, հերոսներու կենացը. մաղթելով, որ այլեւս երբեք հայոց աշխարհի գլխավերեւին չկուտակուին սեւ ամպեր։ Իսկ եթէ թափուի արցունք, ապա մի միայն ուրախութեան, խինդ ու ծիծաղի։ Յաւերժ փառք ու պատիւ մեր բոլոր զոհերու յիշատակին։

Այնուհետեւ, սեղանապետը գեղեցիկ բաժակաճառ մը նուիրեց երեխաներուն։ Նշելով, որ քանի ծնողը ողջ է, երեխան երեխայ է, անկախ իր տարիքէն։ Ամէն ծնած մանկան հետ, ծնողը, ինչպէս նաեւ մարդկութիւնը, նորի, բարիի, յոյսի ու լոյսի նշոյլ մը կը տեսնէ։ Նոր տարին ալ ունի նոյն խորհուրդը։ Մաղթենք, որ ոչ մէկ զաւակ իր ծնողի մէջ խամրեցնէ իրեն հետ կապուած յոյսի նշոյլները, ընդհակառակը՝ բոցավառէ։

Յաջորդ բաժակաճառը նուիրուած էր հայոց բանակի բարօրութեան։ Ու մաղթանք բարձրացաւ, որ երկրի երեսէն ի սպառ վերանան պատերազմները։ Իսկ բանակները՝ յանձին հայկականի, ունենան մի միայն ուսուցողական բնոյթ։ Ծառայութեան ընթացքին ձեռք բերած հմտութիւնները մարտի դաշտի մէջ գործածելու կարիք չմնայ։ Թէպէտ ոմանք դէմ են, որ իրենց զաւակները կոչուին զինուորական ծառայութեան։ Սակայն զինուորութիւնը մեր սրբազան պարտքն է մեր հայրենիքին, մեր ազատամարտիկներուն։ Յիրաւի, մեր բանակը կազմաւորուեցաւ պատերազմի թոհուբոհին, արեան գնով, սակայն մաղթենք, որ զինուորներու ժպիտով, ծափով, ծիծաղով, երգ ու պարով շարունակէ պահել իր գոյութիւնը։ Թող ամէն հայ երիտասարդ իր պարտքը վերադարձնէ հայրենիքին։ Գիտելիքներով զինուած վերադառնայ տուն, սակայն երբեւէ ձեռք բերած հմտութիւններն ու գիտելիքները կիրառելու կարիք չունենայ։ Փա՜ռք մեր հայոց բանակին, փա՜ռք մեր սահմանապահներուն։

Կարգը հասաւ մայրերուն։ Այստեղ խօսք առաւ սեղանապետի որդին ու իր բաժակաճառին սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Մայրը սրբութիւն մըն է։ Կ՚ուզեմ սա գաւաթով խմել մեր հինգ մայրերու կենացը։ Առաջինը՝ Մարիամ Աստուածածինն է, որ ծնաւ մեր Փրկչը։ Երկրորդը՝ մեր մայրերն են, որոնք ծնան, մեծցուցին մեզ։ Երրորդը՝ մեր կողակիցներն են, որոնք մայրն են մեր զաւակներուն։ Չորրորդը՝ մեր քոյրերն են, որոնք պիտի շարունակեն վառ պահել օտարի մը տան ծուխը։ Հինգերորդը՝ մեր աղջիկ երեխաներն են, որոնք մայրացան կամ օր մը պիտի մայրանան։ Բոլոր մայրերուն առողջութիւն ու երջանկութիւն»։

Մայրութեան կենացին յաջորդեց հիւրերու կենացը։ Ահաւասիկ կարգը հասաւ գեղեցիկ սեռին։ Այստեղ նոյնպէս խօսք առաւ սեղանապետի որդին ու գունազարդ խմեց մեր կենացը.

«Աւանդազրոյցի մը համաձայն, կիսալուսնի վրայ կիսաշրջազգեստով աղջիկ մը նստած էր։ Ան երկու ձեռքով կը բռնէր լուսինը, որպէսզի չիյնայ։ Յանկարծ կը բարձրանայ հով մը։ Համեստ աղջիկը մէկ ձեռքով կը փորձէ պահել կիսաշրջազգեստը։ Սակայն հետզհետէ կը սաստկանայ հովը։ Աղջիկը երկու ձեռքով կը բռնէ կիսաշրջազգեստը ու վար կ՚իյնայ լուսինէն… Սա գաւաթով, կ՚ուզեմ խմել մեր հայ աղջիկներու անբասիրութեան ու պատուի կենացը, որպէսզի անոնք միշտ ըլլան պարկեշտ ու ազնիւ, ինչպէս լուսնի վրայի աղջիկը»։

Հուսկ, սեղանակիցներէն մին խմեց սեղանապետի կենացը։ Իսկ ամենավերջին սեղանապետը գաւաթ բարձրացուց յանուն դրացիներու բարօրութեան, չմոռնալով նշել, որ լաւ դրացին ազգականէն աւելի լաւ է։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020