ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՈՒԵՑ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ պատուեց մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Երկանեան ամոլի բնակարանը։ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն տեսակէտէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը թէ՛ ուրախառիթ եւ թէ օրհնաբեր էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնական շրջանին։ Երկանեան ամոլը ճաշասեղանով մը պատուեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Տօնական մթնոլորտի բարձր տրամադրութեան մէջ ծաւալուեցաւ ջերմ եւ անկեղծ զրոյց։ Նորին Ամենապատուութիւնը երախտաշատ բարերարներուն հետ զրուցեց համայնքի դիմագրաւած այժմու խնդիրներու յաղթահարման որոնումներուն վերաբերեալ իր մօտեցումները։ Արէտ Երկանեանն ալ այդ բոլորին շուրջ Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեց խորհրդածութիւններ՝ իր ծով փորձառութեան լոյսին ներքեւ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Երկանեաններու բնակարանէն հրաժեշտ առաւ՝ բարեմաղթութիւններու եւ շնորհաւորութիւններու փոխանակումով, անոնց տալով իր հայրական օրհնութիւնը։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022