ԴԱՆԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ դեսպանութեան քաղաքական գործիչ Յոնաս Եազօ Սրույին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ 

Հիւրերը Հայոց Պատրիարքութեան եւ նորընտիր գահակալին ծանօթանալու համար եկած էին Գումգաբու։ Տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրմէ ստացան Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջներուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն քաղաքավարական այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց պաշտօնին մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020