ՕՐՀՆԵՑԷ՛Ք ՄԵԶ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս շաբաթավերջին նշեց իր ազգային-եկեղեցական տօներու կարեւորագոյններէն մին, որ ընծայուած է մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն։ Տակաւին մանկական հասակէն լսուած անուններ են անոնք, որոնց առաքելական քարոզչութեամբ եւ վարդագոյն արեամբ, հայերս, հեթանոսութեան խաւարէն առաջնորդուեր ենք Քրիստոնէական լոյս հաւատքին։

Իւրաքանչիւր հաստատութիւն իր հիմնադրութեան հետ առընչուած դէմքերն ու դէպքերը մեծ շուքով կը նշէ, նախ՝ վերյիշելու հաստատութեան նախնական քայլերն ու սկզբունքները եւ ապա՝ պատմական ճանապարհորդութեան ազդիչ զօրութեամբ վերանորոգուելու համար։ Քրիստոսի մարմինը հանդիսացող Ս. Եկեղեցին եւս անմասն չէ մնացած այս իրողութենէն եւ Աստուածային օրհնութենէն նշոյլ մը ստանալու, Աստուածային շունչէն ներշնչանք մը ստանալու առաջնահերթութեամբ զանազան առիթներով հոգեւոր ճանապարհորդութիւն կատարած է դէպի Քրիստոսաօծ իր հիմքերը։ Իսկ մեր իրականութեան մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, նման ճանապարհորդութեան ընթացքին նաեւ կը դիմենք Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի բարեխօսութեան, որոնք եկած էին մեր ժողովուրդին մէջ, հաւատարիմ մնալով «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. 28.19-20) Փրկչական հրահանգին։ 

Քանի տարիներ, այս տօնակատարութեան առիթով մասնակցած եմ երբեմնի հայահոծ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ մատուցուած ս. պատարագներուն։ Երանաշնորհ Մատթէոս Բ. Չուխաճեան Պատրիարքի ձեռամբ 1846-ին հիմնարկէքը կատարուած եկեղեցին, պատրիարքական տնօրինութեամբ ընծայուած է առաջին լուսաւորիչներուն եւ այս իմաստուն ու հաւատախառն որոշումով Պոլսոյ իրականութեան մէջ յատուկ ձեւով շեշտադրած՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին առաքելականութիւնը։ Հետեւաբար, այս եկեղեցին թէ՛ որպէս աղօթքի տուն կը ծառայէ հաւատացելոց եւ թէ՛ որպէս վկայարան կը յիշեցնէ Հայ Եկեղեցւոյ օրհնեալ հիմքերուն մէջ գտնուող ուղղափառ վարդապետութիւնն ու առաքելական քարոզչութիւնը։

Ուստի, մեր նախնեաց թողած այս հոգեւոր յուշարձանը ամէն տարի կը հրաւիրէր բոլորս հարց տալու, թէ որպէս ժողովուրդ որքանո՞վ կ՚աշակերտինք ու կը հետեւինք Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի ի գին իրենց արեան քարոզած Քրիստոսին եւ սուրբ հաւատքին։ Անո՜նք էին, որ մեր նախնեաց սորվեցուցած էին այն բոլոր բաները, որոնք Քրիստոսէն անձնապէս սորված էին։ Անո՜նք էին, որ հիմքը դրած էին Հայ Եկեղեցիին. այն եկեղեցիին որ սիրելով Քրիստոսը, նոյնիսկ իր եղունգներով ժայռեր փորելով կերտած է աղօթատեղիներ, պարզապէս շարունակականութիւնը ապահովելու համար Տիրոջ առաքեալներուն ուսուցումներուն։ Հետեւաբար, պոլսական աւանդութեամբ՝ Ենիգաբուի եկեղեցիին մէջ գտնուիլը կամայ եւ ակամայ հաւատացեալներուն, առնուազն քանի մը ժամեր մտածել կու տայ օրուան նշանակութեան մասին, ուխտի եւ ուխտագնացութեան գաղափարի ընդմէջէն։ Որքա՜ն խորհրդաւոր է, այս տօնի առիթով մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միանալ սարկաւագի քարոզին եւ ըսել. «Առաջնորդացն մերոց եւ առաջին լուսաւորչացն սրբոց, Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի Առաքելոցն… հովուաց եւ հովուապետացն Հայաստանեայց. եղիցի յիշատակ ի Սուրբ Պատարագս, աղաչեմք»: 

Մատուցուած իւրաքանչիւր հաւատալի աղօթք, վստահաբար կարող է երկինքը շարժելու եւ առաքելոց ոգեւորութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս հրաւիրելու։ Հաւատքով ուղղուելու պահուն սակայն, իրապաշտ պէտք է ըլլանք եւ յուզումնախառն հայեացքով տեսնենք, թէ ներկայիս նախնական ժամանակներու նման որպէս ժողովուրդ չենք մերձենար առաքելոց ու չենք հպիր իրենց խորհուրդներուն։ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տքնաջան ճամբորդութիւնը Ս. Երուսաղէմէն դէպի հայ ժողովուրդը, առաքելոց դէմ յանդիման մնացած տաժանելի չարչարանքի պահերը, ժողովուրդի սիրոյն իրենց թափած արցունքները անիմաստ են լուսաւորչաց հարազատ զաւակներուս՝ հայերուս մօտ։ Ներկայիս յատկապէս, աչքերը փորձութեան կ՚ուղղեն ցոյց տալով այս տեսարանը եւ բոլորս կը հրաւիրեն անտարբերութեան հոսանքին հետեւելու։ Սակայն միւս կողմէ հաւատքով խառն անձնական փորձառութիւնը, եկեղեցական մթնոլորտին մէջ կը գերիշխէ մեր մարմնին եւ գոնէ մեզ կը պահէ մեր ուխտին մէջ ի Թադէոս եւ ի Բարթողիմէոս։ Յատկապէս համավարակի շրջանի եւս  լուրջ ազդեցութեամբ, առաւել եւս զգալի կը դառնայ այս իրողութիւնը, հակառակ անոր որ եկեղեցին տակաւին իր բոլոր միջոցներով կը ջանայ վառ պահել առաքելոց ջահը ժողովուրդին մէջ։ Սակայն փառք այն ուխտին, որ եղբայրներու համախմբումով եւ աղօթքի ճամբով կը շնորհէ ամրապնդման կարողութիւնը եւ մեզի խորհրդաբար կը յիշեցնէ Աւետարանի հետեւեալ խոստումը, զոր մեր լուսաւորիչներուն եւս տրուեցաւ Յիսուսի բերնով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը։ Ամէն»։ (Մատթ. 28.20)։ Ահա, այս հանդիսաւոր տօները բոլոր յուսաբեկիչ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ, գոնէ անձնական խանդավառութիւն մը կը շնորհեն մեզի, որուն մէջ կը խառնուի յոյսը։       

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ ՅՈՅՍ ԿԸ ՃԱՌԱԳԱՅԹԵՆ

Երբեմն Աստուած կը շնորհէ այնպիսի առիթներ, որոնցմով ձեր ծննդավայրի աւանդութիւններուն կը միանայ խանդավառիչ զօրութիւն մը, ինչ որ կը թարմացնէ ձեր յոյսը առ Փրկիչ ու այսպէս վերանորոգ հոգիով կը շարունակէք ձեր ծառայութիւնը։ Այս անգամ, երանաշնորհ Մատթէոս Չուխաճեան Պատրիարքի օրհնած Ենիգաբուի եկեղեցւոյ մէջ չեմ տօներ այս պատուական տօնը։ Այլ՝ նոյն եկեղեցւոյ յիշատակէն կ՚ուղղուիմ դէպի Ամենայն Հայոց Մատթէոս Չուխաճեան Կաթողիկոսի գահակալած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ տօնախմբուած Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնակատարութեան։ Որքա՜ն խրախուսիչ է Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր սուրբ առաքեալներուն տօնակատարութիւնը Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշել ու հոգեւոր լոյս ճառագայթող սրբավայրի սուրբ մթնոլորտի անձնայորդոր պատգամներուն մէջ խոկալ առաքեալներու մասին։ Ուրեմն կ՚ուզեմ վերյիշել 3 դեկտեմբեր 2021, ուրբաթ յետմիջօրէին սկսած երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Ս. Առաքելոց տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։

Մայր Աթոռոյ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանի մէջ լուրջ երուզեռ մը կը տիրէր, որով մատուռը կը պատրաստուէր տօնական արարողութեանց։ Մատրան Ս. Սեղանին վրայ կանգնած էր Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան, որուն առջեւ ծածկոցով զարդարուած բարձրադիր երկու սեղաններ կը գտնուէին, մին՝ աջակողմը, իսկ միւսը՝ ձախակողմը։ Երբ մատուռէն ներս մտայ, սորվեցայ, որ այս սեղաններուն վրայ պիտի դրուէին Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի մասունքները։ Երբ առաջին անգամ նման արարողութեան մասնակցելու կը պատրաստուէի ու ոգեւորուելու պատրաստ էի, այս աւետիսը արդէն իսկ ուրախացուց զիս, նկատի ունենալով որ սուրբ առաքեալներու մասունքները մօտէն տեսնելու առիթը պիտի ունենայի։ Անոնք կը գտնուէին Մայր Աթոռոյ գանձարանին մէջ եւ նման հանդիսաւոր առիթով դուրս կը բերուէին, որպէսզի ժողովուրդը ամենայն խոնարհութեամբ մօտենայ մասունքներուն, երկիւղածութեամբ իր աղօթքը բարձրացնէ առաջի մասունքներուն եւ բարեխօսութեանը դիմէ յիշեալ սուրբերուն։

Երբ հայոց առաջին լուսաւորիչներու ներկայութեան առջեւ կանգնելու առիթը գտած ըլլալուս բախտաւոր կը զգայի ինքզինքս, Մայր Աթոռոյ լուսարարապետ Մուշեղ Եպիսկոպոսէն ստացայ պատուաբեր ու անփոխարինելու տնօրինութիւն մը, որով նուաստիս եւ Տ. Թէոդիկ Քահանային կը վստահուէր երկու մասունքները դէպի Տաճար վերաբերելու պարտականութիւնը։ Յիրաւի պատուաբեր ու աննախադէպ պահ մը կ՚ապրէինք, նկատի ունենալով որ պոլսեցի երկու հոգեւոր եղբարք, որոնք Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ ծառայութիւն մատուցած էին, այժմ միասնաբար կը կրէին յիշեալ սուրբերու մասունքները։

Որքա՜ն խորհրդաւոր պահ մը, որ ակամայ պատասխանատուութեան ծանր, սակայն նոյնքան անուշ լուծը կը բեռցնէր մեր ուսերուն։ Իսկ խորհրդաւոր տեսարանին մէջ, թէկուզ կարճատեւ էր այս պահը, սակայն ներշնչող տեսարանի մը մէջ յայտնեց հետեւեալ պատգամը. Մեր ետին կը գտնուէր լուսոյ խորան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ խորհրդանիշն էր, թէ մեր վահանն է Սուրբ Էջմիածինը, իր հիմքերուն մէջ շաղախուած փառքի լոյսով։ Մեր ձեռքերուն մէջ կը գտնուէին առաքելոց մասունքները, որոնք կը խորհրդանշէին այն իրողութիւնը, թէ հոգեւորականներս ջահակիրներն ենք առաքելոց ուսուցումներուն ու պարտ է մեզի բարձր պահել՝ առաքելաշաւիղ սրբութիւնները։ Մատրան պարտէզէն կ՚ուղղուէինք դէպի արարողութեան կատարելի մատուռը, բան մը որ խորհրդանիշն էր, թէ ճամբորդներն ենք այս աշխարհին եւ բոլորիս ապաւինման վայրն է Եկեղեցին՝ Քրիստոսի մարմինը։ Հետեւաբար մենք որպէս ուղղորդ կրնանք հոգեւոր արեգակնավայր հասնիլ միայն ու միայն առաքեալներէն փոխանցուած ջինջ վարդապետութիւնը կրելով։ Պէտք է գիտակցօրէն ճամբորդենք մեր ստանձնած պաշտօնին վեհութեան տեղեակ ըլլալով, այլ նաեւ մեր վստահութիւնը դնենք՝ մեր ետին կանգնած ամրութեան վահանին։  

Այս խորին մթնոլորտին մէջ տէր հօր հետ միատեղ մուտք գործեցինք մատուռէ ներս եւ սուրբ մասունքները առաջի հաւատացելոց յանձնեցինք լուսարարապետ սրբազան հօր եւ ան խոնարհութեամբ մասունքները հաստատեց երկու բարձրադիր սեղաններու վրայ։ Արարողութեան սկիզբը պահ մը շուրջս նայեցայ եւ տեսայ հոգեւորականներ, սարկաւագներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, որոնք կը սպասէին արարողութեան սկիզբին։ Յաջորդաբար մատրան մէջ սկսաւ արձագանգել Մայր Աթոռոյ այնքան հարազատ եւ նոյնքան եզակի զանգակներուն երաժշտախառն ղօղանջը, որմէ յետոյ սկսաւ ժամերգութիւնը։ Պահոց խորհուրդով կազմաւորուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, շատ ատեն ուշադրութիւնս գրաւեց մասունքները, երբ անոնց ներքեւ «Լուր ձայնից մերոց, Տէր Աստուած մեր» աղօթքը կ՚արտասանէի, դիմելով առաքելոց մեծ առաջնորդին, որպէսզի ան լսէր հաւատացելոց աղաչական մեներգը։

Երբ երեկոյեան ժամերգութիւնը իր աւարտին պիտի հասնէր, ըստ եկեղեցական կանոնի արդէն իսկ մուտք կը գործէինք շաբաթ օրուան եւ նախատօնակի արարողութիւնը առաջին պահն էր, որ սուրբ առաքելոց նուիրուած շարականները երգելով դիմենք անոնց բարեխօսութեան։ Առ այդ, հանդիսադիր սրբազան հայրը զգեցած էր եպիսկոպոսական հանդերձանքը, իսկ հոգեւորականներս զգեցած՝ մեր շուրջառները։ Սարակաւագներ ի ձեռին ունենալով քշոցները, մոմակալները, խաչվառը արդէն իսկ ամենայն կանոնաւորութեամբ շարուած էին առաջի բեմին։ Ապա բուրվառակիր սարկաւագին յայտարարած «Եւ եւս խաղաղութեան» քարոզով սկսաւ նախատօնակը։

«Երանելի սուրբ առաքեալք հրաւիրեալք ի սկզբանէ եւ ընտրեալք յորովայնէ, սպասաւորք եւ բարեկամք եւ վկայք աստուածորդւոյն. բարեխօսեցէք առ Տէր վասն անձանց մերոց» (Օրհնութեան Շարական Առաքելոց)։ Սկիզբէն հրաւիրուած եւ որովայնէ ընտրուած երանելի սուրբ առաքեալներ, Աստուածորդիին սպասաւորներ, բարեկամներ եւ վկաներ, Տիրոջ մօտ մեզի համար բարեխօսեցէք։ (Աշխարհաբար թարգմանութիւնը)

Աւանդաբար Ս. Մովսէս Խորենացիին վերագրուած այս շարականը քանի քանի տարիներ երգած եմ Պոլսոյ մէջ։ Իր զգացական «ԳՁ» եղանակով ու առաքեալներուն երանութիւնը շեշտադրող տողերով, արդէն իսկ իւրաքանչիւր երգոցողութեան պահուն զիս կը հմայէ։ Օրուայ խորհուրդին հետեւելով երբ սարկաւագաց դասը ներդաշնակութեամբ կ՚երգէր այս շարականը՝ թէ՛ միացայ երգեցողութեան եւ երկնային ոգեւորութեան գանձարանէն ստացայ մաս եւ բաժին, իսկ միւս կողմէ ուղղակիօրէն նայելով առաքելոց մասունքներուն փառք տուի պատմական պահուն համար եւ յաջորդիւ ամենայն հարազատութեամբ իրենց դիմելով կրկնեցի. «Բարեխօսեցէք առ Տէր վասն անձանց մերոց»։ Խունկով, շարականներով ու աղօթքով խառն ծէսը օրհնութիւն կը բաշխէր ներկաներուն։ Նախատօնակի պահուն ըստ սովորութեան կը կազմուէր հանդիսաւոր թափօր մը եւ մասունքները հոգեւորականներու ձեռքերուն մէջ բարձրացած կը շրջէին ժողովուրդին մէջ, երբ բոլորս կ՚երգէինք առաքելոց նուիրուած շարականները։ Փոքրածաւալ մատուռը այդ պահուն կը պարուրուէր գերբնական զօրութեամբ, որ կը շարժէր մէն մի հաւատացելոց զգացումները։ Մինչ այդ, ըստ նախատօնակի կանոնին՝ բոլոր հոգեւորականներս մի առ մի համբուրեցինք Ս. Աւետարանը եւ ապա խոնարհեցանք սրբոց մասունքներուն առջեւ։

Յաջորդաբար, նախատօնակներու ամենէն ոգեւորիչ մաղթանքներէն մին արտասանելու ժամանակը հասաւ. Քրիստոս Աստուած մեր… Սակայն եւ այնպէս, մաղթանքի աւարտական տողերուն մէջ յանկարծ լսեցի Պոլսոյ մէջ եւս շատ ատեններ լսուած գովաբանական այն բանաձեւը, որ տարիներ առաջ արտասանուած ըլլալով Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանէ ներկայիս ներմուծուած է Հայ Եկեղեցւոյ արարողակարգին ու աւանդութիւն դարձած է, որ իւրաքանչիւր տօնական առիթով Ս. Թադէոսն ու Ս. Բարթողիմէոսը յիշատակուին այս բանաձեւով.

Զխաւար հեթանոսութեան առ ի մէնջ փարատողաց, Եւ Բանին Կենաց նախընթաց աւետաւորաց, Առաքելական եկեղեցւոյս հիմանց հաստատութեան, Հայրապետական աթոռոյս հիմնարկուաց սրբութեան, Մարտիրոսական արեամբ զաշխարհս ոռոգողաց, Հայաստանեայցս ազգին առաջին լուսաւորչաց, Յերկոտասանիցն ընտրելոց առ մեզ առաքելոց, Յայտնութեանդ անձկայրեաց Յուդա Թադէոսի, Աստուածութեանդ նախադաւան Նաթանայէլն Բարթողիմէոսի, Որոց այժմ կատարեմք զյիշատակ, սոցին արժանահայց աղօթիւք այց արա՛ Տէր, եկեղեցւոյս եւ ազգիս...

Եւ ահա արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, երբ հանդիսապետ սրբազան հայրը վերջին օրհնութիւնը բաշխեց ի ձեռին ունեցած առաքելական մասունքով։ Չեմ գիտեր իւրաքանչիւր հաւատացեալի միտքէն անցած աղօթքը եւ բանաձեւը, սակայն վստահաբար իւրաքաչիւր անձ անպայման հպած ըլլալու է Հայ Եկեղեցիին եւ ի սփիւռս տարածեալ իր զաւակներուն։

Առաքելոց օրհնութիւնը, որ տարիներ առաջ մեր ժողովուրդին առօրեայէն ներս մուտք գործած էր հայոց հասցնելով Անիմանալիին ողորմութեան աւետիսը, այս անգամ եւս թող վերստին օրհնազարդէ մեր ժողովուրդը եւ անոր դժբախտ կեանքը վերածէ դալար արօտավայրի մը, երբ ան կը պայքարի յատկապէս համավարակի ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն հետ։ Առաքելոց հետքերով Եկեղեցի կոչեցեալ հսկայ կաղնիին ճիւղերէն մին դարձած Հայ Եկեղեցին եւս իր մասն ու բաժինը ստանայ Առաքելական պարգեւատրումէն եւ առաւել եւս զօրանայ իր արմատներուն մէջ, երբ աշխարհասէրը կը փորձէ կացինահարել մեր մեծ կաղնին։ Այլ խօսքով, մեր առաքեալները այս տօնին թող դառնան մեզի օգնական, որպէսզի իրենց բարեխօսութեամբ Աստուած դառնայ հայոց պահապան։

Պաղատելով Ս. Առաքելոց ու աղօթախառն մաղթանօք։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՏԱՄԵԱՆ

8 դեկտեմբեր 2021, չորեքշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021