ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ հիմնական վերանորոգութենէ կ՚անցնի այս շրջանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքեմէն մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ ծրագրի ընթացքին ու մասնաւորապէս՝ եկեղեցւոյ ներքնամասին համար նախատեսուած աշխատանքներուն շուրջ։

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի եւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած խումբերը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021