«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց «Մարալ» երգի-պարի համոյթի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի եւ վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանի։

Զրոյցի ընթացքին համոյթի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին «Մարալ»ի գործունէութեան շուրջ։ Անոնք նշեցին, որ համավարակի հետեւանքով ընդհատուած աշխատանքները անցեալ ամրան վերսկսած էին։ Անցեալ ամրան սկսած այդ աշխատանքներուն շնորհիւ վերստին համախմբուած էին խումբ մը երիտասարդներ։ Համոյթի ներկայացուցիչները նշեցին, որ ներկայ ձմրան շրջանին «Մարալ» ստիպուած մշտական աշխատութեան վայրի մը որոնումներու մէջ է։ Միջանկեալ նշենք, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ խարսխուած էր այս համոյթը, սակայն Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի վերջին տնօրինութիւններով ան հարկադրուած է ուրիշ երդիք մը փնտռելու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Մարալ»ի գործունէութեան մասին ու մաղթեց, որ անոր գործունէութիւնը մնայ կայուն եւ շարունակէ իր նպաստը բերելու համայնքիս նոր սերունդի համախմբման։ Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց մեր նոր սերունդը համախումբ պահելու ուղղեալ ամէն գործունէութիւն եւ բոլոր տեսակի կառոյց։ Հուսկ, «Մարալ»ի ներկայացուցիչները ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021