ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԵԴՈՒԱՐԴ ՍԻՄՔԷՇԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՆ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս լոյս ընծայած է «Դէմքեր եւ դրուագներ» խորագրեալ գիրք մը, որ Եդուարդ Սիմքէշեանի գործերու ժողովածոյ մըն է։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ Եդուարդ Սիմքէշեան ունի ուրոյն տեղ մը։ Մօտաւոր անցեալի տասնամեակներուն ան մտաւորական կարեւոր արտադրութիւն տուած է մեր մամուլին միջոցաւ եւ իբր այդ տակաւին կը վերյիշուի յարգանքով։

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ հրատարակուած ներկայ գիրքը եկած է կողքի մը տակ մէկտեղել Եդուարդ Սիմքէշեանի ստորագրած զանազան յօդուածները, որոնք կը վերաբերին զանազան նիւթերու կամ դէմքերու։ «Դէմքեր եւ դրուագներ» գիրքին մէջ կարելի է տեսնել Եդուարդ Սիմքէշեանի գեղագիտական վերլուծումները, զանազան մահագրութիւնները, օտար հեղինակներու վերաբերեալ դիտարկումներ, անգլերէն գրողներու մասին խորհրդածութիւններ, օտար քաղաքական դէմքերու կամ պալատականներու վերաբերեալ արտայայտութիւններ, եւ այլն, որոնց վրայ կու գան աւելնալ Եդուարդ Սիմքէշեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթի մը ընթացքին արտայայտուած ճառերը։

Այս գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Գանատայէն Անի եւ Լեւոն Շէնօղլու ամոլին։ Գործը ձօնուած է անոնց բարեյիշատակ ծնողաց՝ Ովսաննա (Զօրիկեան) Շէնօղլուի եւ Կարպիս Շեղեան-Շէնօղլուի յիշատակին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019