ՌՈՒՏԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆ՝ ՕՐԹՈՏՈՆԹԻԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ատամնաբոյժներէն Ռուտի Պոյաճեան վերջերս օրթոտոնթիի մարզին մէջ մասնագիտանալով ստացած է վկայականը։ Մասնագիտական ուսուցման շրջանին իր կողմէ կատարուած աշխատանքը վերահսկուած է Փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռուտի Պոյաճեանը, որուն կը մաղթենք ապագայ յաջողութիւններ։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները Փրոֆ. Թորոս Ալճանին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019