ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՇԱՐԺՈՒՄ

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ ծա­ւա­լուն եւ կա­րե­ւոր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին։ Այս ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան վստա­հա­բար ա­պա­գա­յին պի­տի վե­րագ­րուի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն, սա­կայն Թո­րոս Ալ­ճա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը այդ­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կուած չէին։ Ան թէեւ ման­րա­մաս­նեց Գալ­ֆաեա­նին եւ Դպրե­վան­քին ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման ծրա­գի­րը, սա­կայն խոր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուց մեր կրթա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ բախ­տո­րոշ շար­ժում մը։ Ան այս եր­կու վար­ժա­րան­նե­րուն միա­ցու­մը բնո­րո­շեց որ­պէս ներ­կայ դա­րու մեծ կրթա­կան ծրագ­րին սկիզ­բը։ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի ամ­բող­ջա­կա­նա­ցու­մը կը նշա­նա­կէ նոյն ամ­բող­ջի եր­կու կէ­սե­րուն միա­ցու­մը։ Թո­րոս Ալ­ճա­նի դի­տար­կում­նե­րով, մեր հա­մայն­քէն ներս կրթա­կան խնդի­րը այ­լեւս պէտք է ձեռք առ­նուի ամ­բող­ջա­կան հե­ռա-նը­կար­նե­րով։ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի օ­րի­նա­կը կրնայ ձգո­ղա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծել, ե­թէ տե­սա­նե­լի դառ­նան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։ Հար­ցը միայն ման­կա­վար­ժա­կան եւ տնտե­սա­կան գետ­նի վրայ միա­ցու­մով մը սահ­մա­նա­փակ չէ։ Ար­դա­րեւ, Ալ­ճա­նի խօս­քե­րով, կրթա­կան աշ­խար­հի փո­փո­խեալ չա­փա­նիշ­նե­րուն քայլ յար­մարց­նե­լու մար­տահ­րա­ւէր մը ծա­ռա­ցած է մեր վար­ժա­րան­նե­րուն առ­ջեւ։ Այդ մար­տահ­րա­ւէ­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հիմ­նա­կան նա­խա­պայ­մանն է թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը։ Թրքա­հայ կեան­քէն ներս միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով, ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ գոր­ծե­լու մշա­կոյ­թի վե­րա­հաս­տատ­ման ա­ռա­ջին կայծն ալ կրնայ հա-­մա­րուիլ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման ծրա­գի­րը։ Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց նաեւ, թէ քա­ղա­քի Ա­սիա­կան ա­փի ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը ծա­ւա­լեն հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք։ Ներ­կայ ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման նա­խա­գի­ծը ա­ռա­ջին հեր­թին թէեւ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը վե­րա­բե­րի Գալ­ֆաեա­նին եւ Դպրե­վան­քին, սա­կայն մա­նա­ւանդ ման­կա­վար­ժա­կան, ա­կա­դե­մա­կան ա­ռու­մով հե­ռան­կար­նե­րէն ան­պա­կաս կը հա­մա­րուի նաեւ Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն հետ իր տե­սա­կէտ­նե­րը բաժ­նե­լու ժա­մա­նակ՝ Թո­րոս Ալ­ճան յայտ­նեց, թէ մեր բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը պէտք է ու­նե­նան հա­սա­րա­կաց կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն մը, ա­նոնք պէտք է ղե­կա­վա­րուին նո՛յն միտ­քով, նո՛յն տրա­մա­բա­նու­թեամբ։

Գալ­ֆաեանն ու Դպրե­վան­քը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ու­նե­նան հա­սա­րա­կաց պիւտ­ճէ մը, հա­մա­տեղ պի­տի ար­ժե­ւո­րուին ա­նոնց կա­լուած­նե­րը։ Միաս­նա­բար պի­տի հե­տապնդուին ա­նոնց պատ­կա­նող կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի հար­ցե­րը։ Թո­րոս Ալ­ճան միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց հայ դպրո­ցը մրցու­նակ դարձ­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Իսկ տուեալ ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին նա­խա­տե­սուած քայ­լե­րը, մշա­կուած ծրա­գի­րը կեան­քի պի­տի կո­չուի փուլ առ փուլ։ Կար­ճա­ժամ­կէտ ու միջ­նա­ժամ­կէտ նպա­տակ­նե­րու հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լան խնա­մա­կալ­նե­րը։ Ա­ռա­ջին հեր­թին գլխա­ւոր թի­րա­խը պի­տի ըլ­լայ ի­գա­կան սե­ռէ մեր լի­սէա­կան­նե­րուն հա­մար ննջա­րան մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղեալ պաշ­տօ­նա­կան թոյլ­տուու­թեան ձեռք­բե­րու­մը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ձեռ­նար­կած են աշ­խա­տան­քի եւ ա­նոնց ջան­քե­րուն իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ նաեւ Հայկ Նշան։ Այս հան­գա­ման­քը ընդգ­ծե­լէ վերջ Թո­րոս Ալ­ճան ա­ւել­ցուց, թէ կրթա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի վե­րա­կազ­մա­կեր­պուի՝ ֆի­զի­քա­կան տարտղ­նա­ծու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը պի­տի հա­մա-խըբուին նոյն մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Սա բնա­կա­նա­բար պի­տի ըլ­լայ աս­տի­ճա­նա­բար, սա­կայն հիմ­նա­կա­նին մէջ սոյն սկզբուն­քը որ­դեգ­րուած է որ­պէս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նէն սկսեալ ան­մի­ջա­պէս եր­կու վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը պի­տի միա­ցուին, նոյն­պէս խո­հա­նոց­նե­րը։

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը ներ­կա­յիս բա­ւա­կան հա­սուն­ցու­ցած է հաս­տա­տու­թեան պատ­կա­նող կա­լու­ծի մը սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Երբ հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­ւա­կան պայ­քա­րը պսա­կուի յա­ջո­ղու­թեամբ, ա­պա ստեղ­ծուե­լիք հա­սոյթ­նե­րու հե­ռան­կա­րին զու­գա­հեռ՝ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի հա­մար տա­րե­կան հան­գա­նա­կու­թիւն կա­տա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պի­տի վեր­ջա­նայ։ Հա­ւա­նա­բար, 2015 թուա­կա­նին կազ­մա­կեր­պուե­լիք սի­րոյ սե­ղան­նե­րը վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լան՝ տա­րե­կան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու մղու­մով։ Ալ­ճան յայտ­նեց, որ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը յար­մար կը դա­տեն, որ­պէս­զի այս հանգ­րուա­նին պիւտ­ճէ­նե­րը վա­ւե­րա­ցուին նաեւ Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

Ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, ա­ւե­լի վերջ 4+4+4 դրու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան կրթա­կան ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րի մը կա­ռուց­ման պի­տի ձեռ­նար­կուի Սկիւ­տա­րի մէջ, Գալ­ֆաեա­նի ան­ցեա­լի վար­ժա­րա­նի շէն­քի տա­րած­քին վրայ։ Ծա­նօթ է, որ այդ տե­ղը ներ­կա­յիս կ՚օգ­տա­գոր­ծուի որ­պէս ննջա­րան։ Նոր նա­խա­տե­սուած կրթա­կան հա­մա­լի­րը պի­տի ընդգր­կէ նաեւ ար­հես­տա­գի­տա­կան լի­սէ մը։ Այս­պէ­սով քա­ղա­քի Ա­սիա­կան ա­փին հա­մայն­քը պի­տի ու­նե­նայ կա­տա­րեալ կրթա­կան հա­մա­լիր մը, ո­րու կա­ռուց­ման, են­թա­գետ­նի ձե­ւա­ւոր­ման եւ պաշ­տօ­նա­կան թոյլ­տուու­թիւն­նե­րուն ա­պա­հով­ման հա­մար պի­տի տա­րուի հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք։ Մինչ 2016 թուա­կա­նէն սկսեալ սի­րոյ սե­ղան­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պի­տի դադ­րի, նոր հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման թա­փը կա­խում պի­տի ու­նե­նայ հիմ­նա­կան եր­կու հան­գա­ման­քէ։ Ալ­ճա­նի խօս­քե­րով, ա­ռա­ջինն է՝ թոյլ­տուու­թիւն­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը, իսկ երկ­րոր­դը՝ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու գո­յա­ցու­մը։

Թո­րոս Ալ­ճան, թէեւ տա­կա­ւին ոչ ստոյգ, սա­կայն սկզբնա­կան մտադ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին խօ­սե­ցաւ նաեւ նոր կրթա­կան հա­մա­լի­րի կա­ռու­ցու­մէն վերջ հին շէն­քե­րուն ու­նե­նա­լիք ճա­կա­տագ­րին շուրջ։ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ներ­կայ շէն­քին ճա­կա­տա­գի­րը պի­տի ճշդուի Դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ Գալ­ֆաեան Տան ներ­կայ կրթա­կան հա­մա­լի­րը, որ ան­ցեա­լի Սէ­մէր­ճեան-Ճե­մա­րան վար­ժա­րա­նի շէնքն է, ա­պա­գա­յին հա­ւա­նա­բար վե­րա­ծուի կրթա­կան գոր­ծե­րու կազ­մա­կերպ­ման եւ ծրագ­րա­ւոր­ման կեդ­րո­նի մը։ Իսկ նոր հա­մա­լի­րը, ակն­յայտ է, որ պի­տի կա­ռու­ցուի Գալ­ֆաեա­նի ներ­կայ ննջա­րա­նի շէն­քի տա­րած­քին վրայ։ Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց, որ եր­կու խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը լիար­ժէք փո­խըմբռն­ման մէջ են նաեւ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ եւ Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն հետ։ Ար­դա­րեւ, Դըպ-րե­վան­քի ներ­կայ հա­մա­լի­րի պատ­մա­կան շէնքն ալ կը պատ­կա­նի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ։

Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց, թէ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի զօ­րակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն ներս հա­շուի առ­նուած են Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, մեր հա­մայն­քին դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը, սա­կայն եր­բեք չեն ու­զած ան­ցեա­լի հա­շուե­յար­դա­րը ը­նել։ Այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս կ՚ապ­րուի մեծ յե­ղաշր­ջում մը եւ մեր հա­մայն­քը պէտք է ձեռ­նար­կէ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։ Կրթա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը պէտք է ան­պայ­ման յաղ­թա­հա­րուին, ո­րով­հե­տեւ կրթու­թիւն ջամ­բե­լէ դուրս ճա­նա­պար­հով մը գո­յա­տե­ւե­լու հե­ռան­կա­րը չու­նի մեր հա­մայն­քը։ Ալ­ճա­նի դի­տար­կում­նե­րով, թէեւ տնտե­սա­կան ա­ռու­մով կրնան ըլ­լալ դժուա­րու­թիւն­ներ, սա­կայն ըն­կե­րա­յին տե­սան­կիւ­նէն յու­սադ­րիչ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը կ՚ող­ջու­նէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պէտք է ճա­նա­պարհ հար­թել՝ իր մար­դու­ժը հա­մա­տեղ, հա­սա­րա­կաց օգ­տա­գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Մենք վա­գըֆ­նե­րը կամ դպրոց­նե­րը չենք միաց­ներ, այլ կ՚ա­պա­հո­վենք ա­նոնց միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Թո­րոս Ալ­ճան եւ ա­ւել­ցուց, թէ մեր դպրոց­նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը կը հաս­նի ե­րեք հա­զա­րի, սա ի­րա­կա­նու­թեան մէջ փոքր հա­մա­կարգ մըն է, ինչ որ բա­րե­փոխ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ։ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի պա­րա­գա­յին ար­ձա­նագ­րուե­լիք յա­ջո­ղու­թիւ­նը ի զօ­րու պի­տի ըլ­լայ ամ­բողջ հա­մայն­քէն ներս հա­մախմբ­ման շար­ժու­մի մը ծնունդ տա­լու։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ալ­ճան ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման ծրագ­րի գործ­նա­կան հանգ­րուան­նե­րուն հա­մար անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու վար­կած­նե­րու։ Այդ եր­կու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը գո­յա­ցած են մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան յե­տաձ­գուած ըլ­լա­լուն հե­տե­ւան­քով։ Ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ ա­մա­ռէն ա­ռաջ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կուի, ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի տա­րուին նոր կազ­մե­րով, այ­լա­պէս, ներ­կայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պի­տի ձեռ­նար­կեն գործ­նա­կան քայ­լե­րու։ Յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­սա­րա­կաց վար­չու­թեան մը կազ­մը պի­տի գո­յա­նայ Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի հա­մար։

Թո­րոս Ալ­ճա­նի խօս­քէն վերջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ ը­սաւ, թէ պէտք է սոր­վինք գոր­ծել մէ՛կ հա­մայն­քի նման։ Ան ա­ւել­ցուց, որ միու­թեան, միաս­նա­կա­նու­թեան եւ զո­հո­ղու­թեան կամ­քով պի­տի յաղ­թա­հա­րուին մեր խնդիր­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015