ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, երէկուան Ս. Պատարագին եւս մասնակցեցան զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, որոնց ներկայութեամբ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սեւան Արապօղլուի գլխաւորութեամբ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան եւ այլ դպիրներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր հաւատացեալները։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերներն ալ ներկաներուն նկատմամբ ցուցաբերեցին ջերմ վերաբերմունք։ Նկատի ունենալով, որ երէկուան օրը արձակուրդային էր՝ արարողութեան մասնակից հաւատացեալները ունէին ազատ ժամանակ եւ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի համալիրէն ներս վայելեցին հոգեւոր անդորրութիւն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019