Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Պելժիոյ հիւպատոսարանին մէջ։ Հաւաքոյթի տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Սոֆի տը Սմետթ, որ հիւրընկալեց դիւանակալական, դիւանագիտական, քաղաքական, մտաւորական, գեղարուեստական, գործարար եւ հասարակական շրջանակներէ յայտնի դէմքեր։

Այս պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը աւագ հիւպատոսի անձին մէջ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առընթեր այս ընդունելութեան մասնակցեցան նաեւ քաղաքիս փոքրամասնութիւններէն այլ հոգեւոր առաջնորդներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017