ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներուն հետ։ Այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հովիւները մեր այն եկեղեցիներուն, որոնց հովանաւորութեան ներքեւ վարժարան մը գոյութիւն ունի։

Բացման աղօթքէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց կրթական մշակները։ Ան յիշեցուց մեր վարժարաններու տնօրէններուն հետ մօտաւոր անցեալին ունեցած իրերայաջորդ հանդիպումները, որոնց ի շարունակութիւն կազմակերպուած էր երէկուան խորհրդակցութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ համայնքային վարժարաններու գոյութեան նպատակն է՝ արդի գիտելիքներու առընթեր, ջամբել հայերէն եւ ուսուցանել մեր կրօնը։ Ան անդրադարձաւ, որ տնօրէններու հետ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ժամանակ ի յայտ եկած էին՝ կրօնի առարկայի դասաւանդման պարագային առկայ թերութիւնները։ Կրթական մշակները մասնաւորապէս շեշտադրած էին դասանիւթերու ցուցակի մը եւ դասագիրքերու պակասը։ Բոլորն ալ համամիտ էին, թէ այս ուղղութիւններով նոր կարգադրութիւնները անհրաժեշտ են։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ մատնանշեց, որ հնարաւոր բոլոր ջանքերը պէտք է գործադրուին՝ ճար մը գտնելու համար կրօնի դասաւանդութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցերուն։ Որոնումները պէտք է կեդրոնացուին՝ մեր նոր սերունդին աւելի առողջ ու մատչելի ձեւով կրօնի առարկան դասաւանդելու նպատակին վրայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքէն վերջ քննարկումները շարունակուեցան կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափին մէջ։ Կրթական մշակները թուարկեցին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնք ծագում կ՚առնէին ըստ էութեան, դասագիրքերու եւ տեսալսողական հնարաւորութիւններու պակասէն։ Իրենց փորձառութիւններու լոյսին տակ անոնք հանդէս եկան նաեւ զանազան առաջարկներով։ Կրթական մշակները, միեւնոյն ժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնեցին այս խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ աշխատելու համար, որպէսզի նոր ծրագրերու մշակման միջոցաւ կրօնի դասաւանդութեան արդիւնքը բարձրանայ։ Բոլորը համամիտ գտնուեցան, թէ ինչպէս միւս բոլոր առարկաներու պարագային՝ կրօնի դասերու պարագային ալ արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հիմնական եզրն է՝ ապահովել, որպէսզի աշակերտը սիրէ այդ մէկը եւ իւրացնէ։

Բաց աստի, կրթական մշակները ուրախութիւն յայտնեցին, թէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաջնահերթ համարած է այս առարկայի դասաւանդումը եւ հետաքրքրուած՝ իրենց գաղափարներով ու մօտեցումներով։ Կրթական մշակներուն համար ուրախառիթ էր, որ Նորին Ամենապատուութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէր բոլորին օգնելու համար, որպէսզի իրենք եւս վերապատրաստուին ու զարգանան իրենց դասաւանդած նիւթին մէջ։

Կրթական մշակներու հետ խորհրդակցութիւնը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021