ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՈՒԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՅՖԵՍԹ»Ը

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, անցեալ շաբաթավերջին, Արամեան սանուց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայֆեսթ»ը։ Յետմիջօրէին, փոքր թէ մեծ տարիքէ անհատներ մասնակցեցան սոյն գործունէութեան։ Այնուհետեւ, գծագրութեամբ, ձեռագործով, զանազան խաղերով եւ մանկապատանեկան զանազան աշխատանոցներով տեղի ունեցաւ մշակութային գործունէութիւն։

Օրուայ տեւողութեան ընթացքին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այցելեց Արամեան սանուց միութիւն, ուր իր օրհնութիւնը փոխանցեց «Հայֆեսթ»ի մասնակիցներուն։ Սրբազան հայրը միութեան սրահին առջեւ դիմաւորուեցաւ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Ուրախալի տեսարան էր, թէ միութիւնը լիուլի լեցուն էր մասնակիցներով եւ ներկաներ տարբեր զբաղմունքներով կը պանծացնէին հայոց մշակոյթը։ Աշխատութեանց կամաւորաբար մասնակցած էր նաեւ «Փոքրիկ» խումբը։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական էր Արամեանէ եւ Գալֆաեանէ տղոց մասնակցած հաճելի աշխատութիւնները։ Սրբազան հայրը մի առ մի այցելեց աշխատանոցները, ուր մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ Աթաօղլուի կողմէ։ Այս առթիւ, ինք օրհնեց աշխատութեանց առաջնորդող կամաւոր ուսուցիչները եւ գնահատեց իրենց ունեցած ներդրումը մշակութային ծիրէն ներս։ Մասնաւոր հետաքրքրութեան արժանացաւ նաեւ միութեան «Կենաց ծառ» խմբակի կողմէ պատրաստուած հսկայ ծածկոցը, որուն վրայ կը գտնուէին հայոց այբուբենի թռչնագիր տառերը։

Սրբազան հայրը աշխատանոցները շրջելէ յետոյ հիւրասիրուեցաւ վարչութեան սրահին մէջ։ Այստեղ եւս տեղեկութիւններ ստացաւ սանուց միութենական գործունէութեանց մասին։ Ի յիշատակ սոյն այցելութեան, սրբազան հօր նուիրուեցաւ նաեւ հայկական զարդարանքով պատրաստուած յախճապակի մը։ Երեկոյեան ժամերուն նորին սրբազնութիւնը բաժնուեցաւ միութեան սրահէն, մաղթելով բեղուն գործունէութիւն ի նպաստ հայ մշակոյթին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019