ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ լուսարարապետ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ կիրակի, հոկտեմբերի 25-ին, պիտի կատարուի Ֆէրիգիւղի մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի հետ առընչուած հարցերու շուրջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ Ֆէրիգիւղը հայաշատ թաղերէն մին ըլլալուն, յատուկ հետաքրքրութեան արժանի է։ Վարժարանի տնտեսական նեղութիւնները արդէն իսկ ծանօթ է համայնքին եւ քորոնա համավարակի շրջանը առաւել եւս մեծ դժուարութիւններու դուռ բացած է։ Սակայն Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ այս դժուարին օրերուն եւս միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուին բազում նեղութիւններ։ Այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020