ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՁԱՅՆԱՒՈՐ ՇԻՐԻՄԸ

Ամէն տարի, երբ Տեառնընդառաջի օրը կը հասնի, Տէրունի տօնի առընթեր կը յիշենք նաեւ մեծանուն հոգեւորական մը, որ դարձած է ո՛չ միայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ, այլեւ՝ հանուր Հայ Եկեղեցւոյ ռահվիրաներէն մին։ Այս սուրբ տօնին վախճանած՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքն է ան, որ ամէն առիթով ձեւ մը կը գտնէ պատգամելու եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար՝ այցելու իր զաւակներուն։ Աւելի քան երեքհարիւր տարիներ, նոյն սրբակենցաղ հոգեւորականը, իր հսկայածաւալ մտային պաշարով Պօղոս առաքեալին կ՚աշակերտի (Բ. Տիմ. Դ.2) ու ամենայն երկայնամտութեամբ եւ վարդապետութեամբ, կը պատգամէ, կը խրատէ, կը յանդիմանէ եւ կը սաստէ, որպէսզի ոչ ոք իր պաշտած ազգային-եկեղեցական սրբութիւնները արհամարհէ։

Կոլոտ Պատրիարքի շիրիմը կը գտնուի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնայարկի Ս. Ամենափրկիչ մատրան մէջ։ Կրնամ ըսել, թէ պոլսեցիներ ձեւով մը բախտաւոր ենք իր բարոյական ներկայութիւնը շիրմաքարի ճամբով, տեսանելիօրէն վայելելով։ Ունինք ուխտատեղի մը, որ իւրաքանչիւր այցելութեան աւարտին այցելուները կը պարարտացնէ հայ քրիստոնեայ ապրումներով եւ կը վերահաստատէ իրենց հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու բարոյական հարստութեանը մէջ։ Իր անշուք բայց խորհրդաւոր գերեզմանէն լոյս, գիտութիւն եւ հանճար կը ժայթքէ տակաւին մինչեւ այսօր։ Բախտաւոր ենք Կոլոտով, բայց միեւնոյն ժամանակ Կոլոտն ալ բախտաւոր է իր Սուրբ Եկեղեցիով։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան բազմահազար մեծանունները, միայն ու միայն իրենց գործերով կը յիշատակուին երբեմն, բայց շատեր չունին իրենց գերեզմանները։ Շատեր միայն ու միայն կը մնան որպէս պատմութեան բազմադարեան հոլովոյթէն աւանդուած անուններ, քանի էջերու մէջ են միայն իրենց անունները։ Մարդկութեան մեծագոյն տկարութիւնն է սա. «Աչքէ հեռու, սրտէ հեռու»։ Այս նշանաբանով աւելի դիւրին կը մոռնանք անձեր, եթէ տեսանելի ներկայութիւն մը չունին մեր առջեւ։ Իսկ Կոլոտ Պատրիարքը, ինչպէ՞ս կը տարբերի եւ պէտք է տարբերի շատերէն։

Կեդրոնական վարժարանի աշակերտութեան օրերուս, առաջին անգամ ծանօթացայ իր բարոյական ներկայութեան հետ։ Այցելեցի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ ըսին, թէ ներքնայարկը կը հանգչի կարեւոր անձ մը։ Պահ մը մտածեցի ըսելով. «Արդեօք ուրիշներու շիրմաքարերէն որքա՞ն տարբեր կրնայ ըլլալ։ Գերեզմանատուները եւ կամ այլ եկեղեցիներ եւս կը գտնուին բազմաթիւ տապաններ»։ Մինչ այդ, նոյն պատգամը կը տրուէր իմ նմաններուս, որոնք առաջին անգամ մուտք կը գործէին Կեդրոնական վարժարանէ ներս։ Հետեւաբար, փափաքն ունեցայ տեսնել այդ կարեւոր անձին շիրիմը եւ դէպի ներքնայարկ ուղղող աստիճաններէն իջնել սկսայ։ Ահա վերջին աստիճանէն յետոյ, երբ դարձայ դէպի ձախ, տեսայ այս կոթողային ներկայութիւնը։ Հեռուն կանգնած, կարծես իր այցելուներուն կը սպասէր բարի գալուստ մաղթելու եւ պատմութեան անտեսանելի պատգամները իմանալիօրէն փոխանցելու համար։ Ահա այդ պահուն, Իր մթնշաղ գերեզմանը, կարծէք լուսաւորուեցաւ, իր աննշան շիրմաքարը, կարծէք փառաւորուեցաւ եւ իր անձայն տապանէն կարծէք ձայն մը արձակուեցաւ, ողջունելու համար Կեդրոնական վարժարանի նոր աշակերտը. «Ողջո՜յն սիրելի զաւակս»։ Մեր առաջին մէկտեղումը արդէն իսկ խոր տպաւորութիւն թողած էր իմ վրայ։ Այդ պահուն արդէն իսկ, զղջացած էի առաջուան մտածումներուս համար, որոնցմով Կոլոտ Պատրիարքի շիրմաքարի նշանակութիւնը չէի պատկերացուցած։ Այդ պահուն մտածեցի. «Ուրիշներու շիրմաքարերէն տարբերութիւնը զգալի է։ Իրապէս մեծ հոգեւորական է եղեր»։ Իր օրհնութեամբ կառուցուած եկեղեցիներու ցանկը որպէս խօսուն վկայութիւն կը ծանուցանէին մեծանուն հոգեւորականի եզակի գործունէութիւնը։ Մեր առաջին մէկտեղումն էր այդ, բայց՝ ոչ վերջինը։ Առաջին ծանօթութիւնը առիթ եղաւ, որպէսզի տեսնենք իր աստուածապարգեւ ներկայութիւնը ու որպէս ուխտաւորներ վկայենք իր բարձրորակ գործերուն։ Այդ օրը դարձաւ սկզբնաքայլ մը, որուն յաջորդեցին տարբեր առիթներով այցելութիւններ։

Կեդրոնական վարժարանի առաջին օրուան յաջորդեցին աշակերտութեան տարիները, որոնց ընթացքին վարժարանի գրասեղաններուն վրայ բացատրուեցաւ այդ մեծանուն հոգեւորականի գործունէութիւնը։ Իւրաքանչիւրը զիրար գերազանցող եւ ինքնագիտակցութիւն բուրող աշխատութիւնները հիացում կ՚առթէին մեր մօտ։ Տրուած մէն մի գիտութիւնը, առաւել եւս բազմապատկեց իրեն հանդէպ ունեցած մեր սէրն ու հիացումը եւ աճիլ սկսանք Կոլոտով։ Մասնաւորապէս՝ «Եթէ» բառը շատ կը գործածէինք։ «Եթէ Կոլոտ մը չըլլար, ինչպէ՞ս կը կերտուէր մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ մեր եկեղեցւոյ ապագան»։ Վստահաբար, Աստուած իր ժողովուրդին համար պիտի գտնէր հերոս մը, բայց եւ այնպէս 17-րդ դարու աւարտին, այս անձը եղած էր Ամրտոլի լաւագոյն պտուղներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Վարդապետը։ Դարու մտաւոր զարթնումին լաւագոյն հետամուտներէն աշակերտ Կոլոտը, ժամանակի բովին ընդմէջէն անցնելով վերածուած էր՝ ուսուցիչ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի եւ այսօր տակաւին իր շիրմէն կ՚ուսուցանէ բոլորս։

Տեառնընդառաջի տօնը, առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի վերյիշեմ Կեդրոնական վարժարանի տարիներէս յիշատակներ եւ Կոլոտ Պատրիարքի հետ առաջին հանդիպմանս թողած ազդեցութիւնը։ Իր վախճանման տարեդարձին, այսօր, որպէս հոգեւոր սպասաւորներէն մին Հայ Եկեղեցւոյ, կրկին կ՚այցելեմ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի աննշան, բայց՝ նոյնքան խորհրդաւոր այդ տունը։ Առաջին օրուան նման, ան կ՚ողջունէ զիս ու կը փոխանցէ իր պատգամը, բայց այս անգամ, աւելի տարբեր եւ ծանր են իր փոխանցած պատգամները. թէ՛ լսել իր շիրմէն արձագանգող ձայնը, թէ՛ ըստ կարելւոյն պահել իր թողած հոգեմտաւոր ժառանգը, թէ՛ ըստ կարելւոյն զարգացնել հոգեւոր եւ բարոյական մեր արժէքները եւ ի վերջնումն այս բոլորին, իր շիրմաքարէն արտասանուած բառերը լսելի դարձնել մերազն ժողովուրդին։

Օրհնեա՜լ ըլլայ Յիշատակը մեր մեծ վարդապետին. Եղիցի, եղիցի եւ եղիցի…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

15 փետրուար 2019, Գատըգիւղ

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019