Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եկեղեցւոյ բակին մէջ զրուցեց հաւատացեալներու հետ, մինչ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կէսօրին պատուասիրեց նորին սրբազնութիւնը։

Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանը՝ իր հետն ունենալով յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլը։ Նորին սրբազնութիւնը անմիջական զրոյց մը ունեցաւ միութեան շուրջ համախմբուած անդամներուն հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019