ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արսէն Քովանն ու Արման Պըչաքճըն, որոնք իրեն ներկայացան յանուն Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններուն։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ջանքերով կազմակերպուած՝ մօտալուտ «Ծիրան» խորագրեալ համերգին շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը օրհնեց այս ծրագիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած հրաւէրին համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019