ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան: Ս. Պատարագը մատոյց Կեդրոնական վարժարանի երբեմնի սան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ ներկայ եղաւ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք. Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ խումբ մը ուսուցիչներ։ Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ մատաղօրհնութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Ներկայ հաւատացեալներ իրենց աղօթքներու ընդմէջէն մաղթեցին՝ Մայր Աթոռոյ հասատատութիւն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութիւն։

Իսկ Ս. Պատարագի աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց շեշտադրելով ընտանիք ըլլալու կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ ո՛չ միայն մեր համայնքը, այլեւ՝ աշխարհը փորձութեան օրերէն կ՚անցնի եւ այս առումով միայն ընտանեկան միասնականութիւնն է, որ կայուն պիտի պահէ մեր հաստատութիւնները։ Կեդրոնականը այս միութեան խորհրդանիշներէն մին է եւ այս պատճառաւ պէտք է լաւ իմանալ այս հաստատութեան նշանակութիւնը։ Ան դարձած է պոլսահայութեան տիտան հաստատութիւններէն մին եւ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել բարձր մնալով պատնէշի վրայ։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով շնորհաւորեց վարժարանի վարիչներն ու կրթական մշակները, որոնք կը շարունակեն փորձել գիտութիւն ջամբել մեր զաւակներուն։ Գնահատեց նաեւ վարչայիններուն կամքը, որով վարժարանը այս դժուարին օրերուն կը մնայ կանգուն։

Պատրիարք Սրբազան Հօր քարոզէն ետք եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր՝ երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրիմը, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020