ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խիստ սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ, Կեդրոնականի ընտանիքը հանդէս եկաւ աննախընթաց նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ իրականացուց առցանց քէրմէս մը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ։

Ծանօթ է, որ թրքահայ բարենպատակ հաստատութիւնները տասնամեակներէ ի վեր զանազան առիթներով կը կազմակերպեն քէրմէսներ։ Ըստ էութեան, անոնք կը զուգադիպին Ամանորի կամ Ս. Զատկի շրջանին։ Դժբախտաբար համավարակի հետեւանքով ընդհատուեցաւ այս աւանդութիւնը։ Սա մեր բարենպատակ հաստատութիւնները կը զրկէ նաեւ թէկուզ համեստ, սակայն ընթացիկ հասոյթէ մը։ Համաճարակի շրջանին մեր հաստատութիւնները արդէն լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն նիւթական առումով եւ իւրաքանչիւր լուման նշանակալի դարձած է անոնց պարագային։ Ուստի, ստեղծուած իրականութեան պայմաններուն ներքեւ Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիրը յատկանշական  է ինքնին։

Ատենապետուհի Սեդա Պէշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը այս տարուան ամանորեան քէրմէսը իրականացուց առցանց կազմակերպուած ուղիղ եթերի մը միջոցաւ։ Աւելի քան երեք շաբթուան նախապատրաստական աշխատանքներէ վերջ, ծնողաց միութեան անդամները քէրմէսի ընթացքին վաճառքի հանուելիք իրեղէններու լուսանկարները տեղադրեցին համացանցի մէջ։ Անոնք նոյնպէս համացանցային միջավայրէ ներս կոչ ուղղեցին, որպէսզի առցանց գնումի մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք կը ձգտին զօրակցութեան առարկայ դարձնել Կեդրոնական վարժարանը։ Հուսկ, երէկ կէսօրուան ժամերուն կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը։ Երկու ժամ տեւեց առցանց վաճառքը՝ Սէրլի Պէշիկթաշլեանի կողմէ վարուած ուղիղ եթերով։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ առցանց քէրմէսը։ Ծնողաց միութեան անդամները մի առ մի անձամբ կը տրամադրեն դպրոցի համակիր գնորդներու կողմէ նախընտրուած իրեղէնները։

Կեդրոնականի ընտանիքին գոհունակութիւն պատճառած է այս ծրագրով արձանագրուած յաջողութիւնը։ Երէկուան ողջունելի արդիւնքի լոյսին տակ որոշուեցաւ, որ յաջորդ երեքշաբթի՝ 8 դեկտեմբերին կրկնուի այս նախաձեռնութիւնը։

Կը շնորհաւորենք Կեդրոնականի ծնողաց միութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020