ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ Անգարայի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճամալ Քոքարն ու Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։ Գանատացի դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։

Իր կարգին, Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հայրը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, նաեւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին՝ նոր առաքելութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020