ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի աւանդական խրախճանք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Հանդէսը նախատեսուած էր Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։ Օրուան ծրագիրը մշակուած էր տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի կողմէ։ Դպրոցի բոլոր աշակերտները հերթով, խումբ առ խումբ մասնակցութիւն բերին խրախճանքին։ Խաղերու առընթեր անակնկալներ ալ վերապահուած էին փոքրիկներուն։ Խրախճանքի ոգեւորութենէն անմասն չմնացին նաեւ վարժարանի ուսուցչաց կազմը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք իրենց դիմակներով բաժնեցին տղոց հրճուանքը։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020