ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍԻ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ներկայացուցիչներէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը պատրաստուի իրականացնել Ս. Զատկի շրջանի աւանդական քէրմէսը՝ ի նպաստ Մէրամէթճեան վարժարանին։ Հիւրերը կարճատեւ այցելութեան ընթացքին յայտնեցին, որ պատրաստ են հիւրընկալելու մեր բոլոր թաղերէն կրթասէր համակիրներ, որոնց տրամադրութեան տակ պիտի դրուի տօնական շրջանի բնորոշ աւանդական իրերու ճոխ հաւաքածոյ մը։  

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018