ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս տարուան ընթերցման տօնին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ համախմբուեցան առաջին դասարանի փոքրիկները, իրենց ծնողները, կրթական մշակներ եւ հիւրեր։ Հանդէսի բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլորը։ Առաջին դասարանի փոքրիկները հանդէս եկան զանազան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով՝ արժանանալով ջերմծափողջոյններու։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց դասարանի ուսուցչուհի Մարալ Պելէք։ Հանդէսի աւարտին փոքրիկները ստացան իրենց առաջին վկայականները եւ ջերմօրէն շրջապատ-ւեցան բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018