ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻԻՆ ՄԷՋ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական երեկոյթ մը։ Գրական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ գրող Զաւէն Պիպեռեան՝ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Թրքահայութեան Հանրապետական շրջանի մտաւորական կեանքէն ներս առանցքային անուն մը եղած է Զաւէն Պիպեռեան, որու արտադրանքը գրական-գեղարուեստական նշանակութեան առընթեր, ունեցած է ուրոյն պատգամ մը՝ իր ցոլացուցած աշխարհահայեացքով։ Ուստի, իր ստեղծագործութիւններուն արժէքը կը բիւրեղանայ ժամանակներու մէջ՝ մանաւանդ, որ առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ որպէս թերթօն հրապարակուած եւ աւելի վերջ գիրքի վերածուած «Մրջիւններու վերջալոյսը» գործը ունի վերանորոգ նշանակութիւն, կը կրէ կոթողային բնոյթ եւ հեղինակի թողած ժառանգութեան տեսակէտէ իսկական խորհրդանշան մըն է։

Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկը համավարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին յարիր էր։ Յամենայնդէպս, ընկերային ցանցերու վրայ ապահովուած ուղիղ եթերը հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի միութեան հաւաքատեղին փութացածներէն անդին՝ աւելի բարձր թիւով հետաքրքիրներ ալ կարողանան հետեւիլ ձեռնարկին եւ հաղորդ դառնան Զաւէն Պիպեռեանի գրական ժառանգութեան։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը բծախնդրօրէն պատրաստուած էր այս երեկոյթին՝ հաշուի առնելով կազմակերպչական բոլոր անհրաժեշտութիւնները, նաեւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելով մասնակիցները։

Երեկոյթի յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ հետաքրքրական զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ։ Զրոյցը վարեց արժէքաւոր կրթական մշակ Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, որու զրուցակիցն էր Գատըգիւղի ընտանիքի համակրելի դէմքերէն Թիլտա Մանկասար, որ Զաւէն Պիպեռեանի հարազատ դուստրն է։ Այս շահեկան հարցազրոյցը հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի բոլորը կարենան բացայայտումներ ընել Զաւէն Պիպեռեանի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։ Բաց աստի, Զաւէն Պիպեռեանի թոռնուհին՝ Թամար Մանկասար հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, ներկաներէն տքթ. Արտաշէս Աքտաղ ներկայացուց յուշեր, որոնց հիման վրայ խօսք առաւ նաեւ Պատրիկ Կիւնթեր։ Մարալ Էպէօղլու-Սաթար ընթերցեց նաեւ այս ձեռնարկին առթիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղարկուած ողջոյնի խօսքը։

Յայտագրի տեւողութեան ներկաները ունկնդրեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ ուղարկուած ձայնագրութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ թերթս եղած էր Զաւէն Պիպեռեանի արտադրած հիմնական հարթակներէն մին։

Հուսկ, յայտագրի գործադրութենէն վերջ, միութեան հաւաքատեղիին մէջ մէկտեղուած գրասէրներուն միջեւ շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցը՝ մասնաւորապէս, որ ներկայ էին ոգեկոչեալ գրող Զաւէն Պիպեռեանի հարազատները։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022