ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ

Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պատմական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Ուղղափառ Եկեղեցին, որ ըստ հին տոմարի կը տօնախմբէ Ս. Զատիկը, երէկուան Աւագ հինգշաբթիին, ըստ իր աւանդութեան, կատարեց միւռոնօրհնէքի արարողութիւն։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւնները։ Հարկ է նշել, որ սա Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի գահակալութեան շրջանի արդէն չորրորդ միւռոնօրհնութեան արարողութիւնն էր, ինչ որ աննախընթաց է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։

Ֆէնէրի երէկուան արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ թէ՛ ներկայացուց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Արդարեւ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը միւռոնօրհնութեան հրաւիրած էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայացուց նաեւ զինքը։

Երէկ առաւօտ, Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Ս. Գէորգ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ՝ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կողմէ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին եւ յաջորդած միւռոնօրհնէքի արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առաջնորդները եւ քոյր եկեղեցիներէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ բազմաթիւ մետրապոլիտներ եւ միաբաններ եւս մասնակցեցան միւռոնօրհնութեան։ Հաւատոյ հանգանակը ընթերցեց Յունաստանի հասարակական կարգի պահպանման նախարարը։ Արարողութեան աւարտին նոր միւռոնը փոքր սրուակներու մէջ բաժնուեցաւ բոլոր մետրապոլիտներուն։

Եկեղեցական հանդիսութիւններէն վերջ, «Հիլթըն» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։ Այս փուլին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը յայտնեց, որ մասնակցած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած նախորդ միւռոնօրհնութեան՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ։ Ուստի, ինք եւս այդ եղբայրական հրաւէրին փոխադարձելով՝ երէկուան միւռոնօրհնութեան հրաւիրած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Թէեւ Նորին Սրբութիւնը չէր կրցած մասնակցիլ արարողութեան, սակայն, տնօրինած էր, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցէր նաեւ յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Յունաց Պատրիարքը սիրոյ սեղանի ընթացքին եղբայրական ողջոյնները յղեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութեան համար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022