ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԺԱՊԱՒԷՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին մասնակցութիւն կը բերէ նոր ծրագրերու ու մանաւանդ շարժանկարի բնագաւառին մէջ ալ սկսած է առնել առաջին քայլերը։ Այսպէս, Սիպիլ դեր ստանձնած է վաւերագրական ֆիլմի մը մէջ, որ կը կոչուի «Armenia Uncover» (Հայաստանը վեր առնել)։ Այս վաւերագրական ժապաւէնը նկարահանուած է յայտնի արուեստագէտի մը գլխաւորութեամբ. յանձին՝ յայտնի երգիծաբան ու երաժիշտ Գեւ Օրքեանի։ Սիպիլի գեղարուեստական գործունէութեան տեսակէտէ սա ունի եզակի նշանակութիւն, որովհետեւ ան առաջին անգամ մասնակցութիւն բերած է շարժանկարի ծրագրի մը։ Անգլիահայ արուեստագէտը զինքը Հայաստան հրաւիրած է նկարահանումներուն համար։ Բեմերու վրայ արձանագրած յաջողութիւններէն վերջ, Սիպիլ տեսախցիկի առջեւ ալ տեսած է փայլուն գործ մը։ Ան Գեւ Օրքեանի հետ ներդաշնակ աշխատանք մը տարած է, մանաւանդ՝ որ անգլիահայ արուեստագէտը նախկին պոլսահայ մըն է ու կը փափաքի վերստին այցելել Պոլիս։

Միւս կողմէ, ամերիկահայ մամուլը հաղորդեց, որ Սիպիլ յառաջիկայ ձմրան մասնակցութիւն պիտի բերէ Հայկական ժառանգութեան նաւապտոյտին, որ Սփիւռքէն ներս աւանդական դարձած, խոր նախընթացներով ծրագիր մըն է։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, հայկական նաւապտոյտի կազմակերպիչ մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ տարուան Յունուարի 20-28 թուականներուն տեղի ունենալիք հայկական աւանդական յաջորդ նաւապտոյտի մասնակիցները պիտի վայելեն երգչուհի Սիպիլի կատարումները՝ գեղարուեստական շարք մը այլ յայտագիրներու, զուարճանքի առիթներու եւ դասախօսական ներկայացումներու կողքին։ Իր տեսակին մէջ 21-րդը հանդիսացող այս տարուան նաւապտոյտին մասնակիցները պիտի այցելեն Ս. Քիթս, Ս. Ճան (Անթիկուա), Փորթօ Ռիքօ եւ Լապատի (Հայիթի):

Հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի երեսակներով հարուստ սոյն նաւապտոյտի մասնակցութեան տարբեր մակարդակներուն ծանօթանալու համար, դիմել ahc@travelgroupint.com հասցէին, կամ՝ (561) 447-0750 ու (866) 447-0750 Ext 108 եւ 102 թիւերուն:

Ծրագրին ու նաւապտոյտին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianHeritagecruise.com կայքը կամ www.facebook.com/armenianheritagecruise կայքէջը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017