ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին ձօնուած այս երեկոյթին ժամանակ առաջին անգամ բեմ առաւ Մեսրոպեան մանկապատանեկան երգչախումբը։

Համերգին ներկայ գտնուեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Զաւէն Քահանայ Պըչաքճեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սարկաւագ Թեքիրօղլու, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ կղզեբնակ մշակութասէրներ։

Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լիտիա Լիման եւ Սարին Պալ։ Տերըն Տեմիրճին ալ արտասանեց «Հայկական տոհմեր» բանաստեղծութիւնը։ Աւելի վերջ նորաստեղծ մանկապատանեկան երգչախումբը գործադրեց իր յայտագիրը՝ ղեկավարութեամբ ուրարակիր Հրանդ Չիզմէճեանի։ Սա Ներսէսեան երգչախումբի ամենէն փոքր սաներու կազմն է, որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։ Իրենց նուագներով յայտագրին մասնակցեցան՝ Սիրուն Սիրունեան, Սեւան Ինեափան, Սեւան Կարապետեան, Նորա Իփեքճի, Նատին Միտոյեան եւ Դալար Միտոյեան։

Ձեռնարկի աւարտին օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 23, 2019