ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս ունեցան՝ բանաստեղծութեան, պարի եւ խմբերգներու հանդէս մը։ Վերջին տարիներուն դպրոցէն ներս աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որու այս տարուան փուլն ալ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տղաքը հայերէնով եւ թրքերէնով զանազան բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին։ Պարերու եւ խմբերգներու բաժինը գործադրուեցաւ՝ Կարին Մարտիկեանի եւ Քարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Հանդէսի վերջաւորութեան գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2019