ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ
Վաքըֆլըգիւղի մէջ վերջին տարիներուն ստեղծուած եռուզեռը արդէն կ՚ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը։ Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ աշխուժութիւն մը ստեղծուած է՝ առաւել չափով նոր սերունդի ջանքերով։ Նորագոյն այս շրջանին խորհրդանշանը կը համարուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից ձեռնարկուած շինարարութեան ծրագիրը։ Շէնք մը, թէեւ առերեւոյթ համեստ, սակայն իր խորքային նշանակութեամբ եւ բազմանպատակ բնոյթով պիտի գայ միանգամընդմիշտ դիմագրաւել Վաքըֆլըգիւղի առկայ բազում ընկերային կարիքները։
Ծանօթ է, որ միջոցէ մը ի վեր Վաքըֆլըգիւղի եւ Իսթանպուլի միջեւ կապերը, համագործակցութիւնը թափ ստացած են աննախընթացօրէն։ Թէ՛ Իսթանպուլի մէջ հաստատուած վաքըֆլըգիւղցիները եւ թէ գիւղին մէջ մնացածները աշխոյժ ջանքեր կը գործադրեն՝ շինարարութեան նախագիծը ի կատար ածելու համար։ Համայնքային շրջանակներն ալ անվերապահօրէն կը զօրակցին գիւղի վերաբերեալ բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, համայնքէն ներս Վաքըֆլըգիւղի զօրակցութեան համար կը գործէ յանձնախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Միհրան Ուլիկեան։ Համայնքային կեանքէն ներս ունեցած խոր փորձառութեամբ ու վայելած յարգանքով՝ Միհրան Ուլիկեան իր բոլոր հնարաւորութիւնները շարժման անցուցած է նպաստելու համար Վաքըֆլըգիւղի շինարարութեան ծրագրին, որու շնորհիւ երկարաժամկէտ ու մշտական ձեռքբերումներ պիտի ապահովուին եւ այսպէսով Մուսա լերան պատմական ժառանգութիւնը կենդանի պահելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը առնուած պիտի ըլլայ։
Հաղորդած էինք, որ Ս. Աստուածածնի տօնի շրջանին Վաքըֆլըգիւղի մէջ աւանդական շուքով նշուեցաւ տաղաւարը եւ կազմակերպուեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Մեր համայնքին ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացաւ Վաքըֆլըգիւղի վրայ։ Միհրան Ուլիկեան եւ իր ընկերներն ալ հերթական անգամ մեկնած էին գիւղ, ուր թէ՛ ըմբոշխնեցին տօնական խանդավառութիւնը եւ թէ առիթն ունեցան Վաքըֆլըգիւղի մէջ տարուած աշխատանքներուն հետեւիլ տեղւոյն վրայ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղն է այս մէկը, որու կայուն վերելքը ոչ միայն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ, այլ նաեւ պատասխանատուութիւն մը կը համարուի թրքահայ իրականութեան տեսակաւորութեան երաշխաւորման առումով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Միհրան Ուլիկեանը։ Վաքըֆլըգիւղէն թարմ տպաւորութիւններով ու տուեալներով վերադարձած է ան։ Միհրան Ուլիկեան միշտ նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տայ՝ որպէսզի Վաքըֆլըգիւղի վերաբերեալ իրադարձութիւնները մեր մամուլին միջոցաւ դառնան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը։ Իր այս զգայնութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ՝ հաւաստի աղբիւրէ մը, ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեակ դառնալու համար Վաքըֆլըգիւղի նորութիւններուն։ Միհրան Ուլիկեանի հետ այս անգամուան մեր զրոյցը նախորդներուն բաղդատմամբ տարբեր էր։ Արդարեւ, գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած համալիրը արդէն երկինք խոյացած է եւ ան այդ լաւատեսութեամբ, համապատասխան բարձր տրամադրութեամբ մեզի փոխանցեց վերջին բոլոր նորութիւնները։
Նորակերտ համալիրը, որ գիւղական մթնոլորտին յարիր շատ ճաշակաւոր տեսք մը ունի, կ՚ընդգրկէ դահլիճ մը՝ 150 հոգիի տարողութեամբ։ Նոյն յարկին վրայ կը գտնուին նաեւ չորս հիւրասենեակներ։ Քարակերտ շէնքի մուտքի յարկին տեղաւորուած են եւս հինգ հիւրասենեակներ։ Այդ յարկը կ՚ընդգրկէ նաեւ առանձին բաժին մը, որ պիտի օգտագործուի որպէս հովուատուն։ Կենցաղային նուազագոյն կարիքները դիմագրաւելու յարմարութեամբ պատրաստուած է հովուատան բաժինը։
Նորակառոյց շէնքը կը պարփակէ նաեւ արտադրամաս մը, որ Վաքըֆլըգիւղի կարիքներուն տեսակէտէ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Գիւղի կանայք այնտեղ պիտի արտադրեն Վաքըֆլըգիւղի բնորոշ անուշները, որոնք ունին մեծ պահանջարկ։ Արտադրամասը անհրաժեշտ սարքաւորումներով ալ օժտուած է արդէն։ Համալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ առանձին բաժին մը, ուր պիտի իրականացուի արտադրանքին վաճառքը։
Ի լրումն այս բոլորին, համալիրը կ՚ընդգրկէ թանգարանի բաժին մը, որու նշանակութիւնը մեծ է ո՛չ միայն այս եզակի գիւղին, այլ նաեւ՝ մեր ամբողջ համայնքի հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ։ Թանգարանի տարածքը թէեւ պատրաստուած է, սակայն անոր գործարկման համար ամէն ինչ տակաւին վերջնականօրէն պատրաստ չէ միւս բաժիններուն նման։ Շուրջ տարուան մը ժամկէտ կը նախատեսուի՝ որպէսզի թանգարանը պատրաստ ըլլայ վերջնականօրէն եւ իր դռները բանայ այցելուներուն առջեւ։ Նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցութիւն կը բերէ Վաքըֆլըգիւղի բնակիչներէն Լորա Պայթար-Չափար, որ ներկայիս Հաթայի թանգարանին մէջ կ՚աշխատի։ Անոր փորձառութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Վաքըֆլըգիւղի մէջ այդ թանգարանը կեանքի կոչելու համար։
Միհրան Ուլիկեան ընդգծեց, որ մեր համայնքի գրեթէ բոլոր բարերարները իրենց զօրակցութեան բաժինը կը բերեն եւ իրենց նախանձախնդրութեան առարկայ կը դարձնեն Վաքըֆլըգիւղը։ Այս ամբողջին մէջ Միհրան Ուլիկեան երախտագիտութեամբ առանձնացուց շարք մը անուններ. ինչպէս՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Եթքին Պէրպէրօղլու, հայր ու որդի Ղազարոս ու Կարպիս Ունաններ եւ այլք։ Վաքըֆլըգիւղի վերաբերեալ ծրագրերուն աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի։ Միհրան Ուլիկեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի իրականացուի շէնքին ներքին յարդարանքը։ Առնուազն երեք ամսուան ժամանակշրջան մը հարկաւոր է այս աշխատանքներուն համար։ Բաց աստի, տակաւին չէ ապահովուած նորակերտ համալիրին համար անհրաժեշտ վերելակը։ Կարգադիր յանձնախումբը այնպիսի լուծում մը կ՚ակնկալէ, որ բարերար մը ստանձնէ այդ համալիրը վերելակով մը օժտելու պատասխանատուութիւնը։
Միւս կողմէ, Վաքըֆլըգիւղէն հասած այս դրական լուրերու մթնոլորտին մէջ, այս շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Վաքըֆլըգիւղի աւանդական խրախճանքը։ Վերջին տարիներուն այս ծրագիրը դարձած է շարունակական։ Գնալը կղզիի մէջ շաբաթավերջ մը կը յատկացուի Վաքըֆլըգիւղին։ Սոյն նախընթացին շնորհիւ թէ՛ ժողովուրդին հաղորդակցութիւնը կը թարմանայ Վաքըֆլըգիւղի հետ եւ թէ խրախճանքին շրջագծով կազմակերպուած վաճառքներուն շնորհիւ՝ թէկուզ համեստ, սակայն զօրակցութիւն մը կը ցուցաբերուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար։
Այս Կիրակի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Աստուածածնի տօնի շրջանին գիւղին մէջ կազմակերպուած խրախճանքային շաբաթավերջին մէկ նմանը տեղի պիտի ունենայ Գնալը կղզիի մէջ։ Շաբաթ գիշեր երաժշտական յայտագիր մը պիտի գործադրուի, մասնակցութեամբ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի։ Միհրան Ուլիկեան մեզի յայտնեց, թէ Պարթեւ թէեւ դժբախտ արկած մը անցուցած է վերջին օրերուն, սակայն խոստացած է իր մասնակցութիւնը բերել մեներգներով։ Շաբաթ գիշեր պիտի սկսի նաեւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը, որ ժողովուրդին պիտի բաժնուի Կիրակի օրուան Ս. Պատարագէն վերջ։ Կղզիի այս խրախճանքին մասնակցելու պիտի փութան նաեւ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար եւ փոխ-ատենապետ Պետրոս Շիշմանեան։ Խրախճանքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան գիւղին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ իմանալ Ճէմ Չափարէն եւ Պետրոս Շիշմանեանէն, որոնք տեղւոյն վրայ ամենայն նախանձախնդրութեամբ կը վերահսկեն աշխատանքները ու կ՚ապահովեն, որ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ արժեւորուին այն բոլոր միջոցները, որոնք ի սպաս կը դրուին Վաքըֆլըգիւղին համար։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024