ԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԿԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԻ

«Իսթանպուլ» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Փերիհան Եիւճէլ եւ «Քարս» մշակութային միութեան ատենապետ Վետաթ Աքչայէօզ, նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Անոնք յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, ընդունուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Կիւլիզար Արթուչ, Ալին Փոնթիօղլու եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ։

Վետաթ Աքչայէօզ նախ ներկայացուց իր «New Discoveries in Ani» աշխատութիւնը, որ անգլերէնով լոյս տեսած է քանի մը տարի առաջ։ Գիրքի հեղինակը, փափաքն ունեցած է սոյն աշխատութիւնը թրքերէնի թարգմանել եւ հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել։ Այս ուղղութեամբ կապ հաստատած էր Պատրիարքական Աթոռին հետ, խնդրելով անո աջակցութիւնը եւ իր գիրքէն օրինակ մը յանձնեց։ Զրոյցի ընթացքին գաղափարի փոխանակում տեղի ունեցաւ եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յայտնեց, թէ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ անշուշտ, որ Պատրիարքական Աթոռը կարող է իր ներդրումը բերել մշակութային նման նախաձեռնութեան մը։

Զրոյցի աւարտին, «Հայճար»ի ներկայացուցիչները «Balyanlar» հատորը նուիրեցին հիւրերուն եւ սոյն աշխատութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

Այցելութեան աւարտին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021