ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ERVAB-Ի ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ ծաւալուած աշխատանքներուն եւ մշակուած ծրագիրներուն շուրջ։ Շիրինօղլու եւ Քուզիքօղլու Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին մասնակցելու՝ յառաջիկայ դեկտեմբերի 11-ին նախատեսուած ԹՎՄ-ի հերթական ժողովին, որ այս տարուան վերջինը պիտի ըլլայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս այցելութեան եւ կարծիքի փոխանակումներուն համար ուրախութիւն յայտնեց եւ տեղեկացուց, որ պիտի ընդառաջէ հրաւէրին։ Ան համոզուած է, թէ մօտալուտ ժողովը առիթ պիտի ստեղծէ համայնքային հաստատութեանց հարցերը հաւաքաբար աչքէ անցընելու, նաեւ Պատրիարքական Աթոռի ընդհանուր վիճակը պարզելու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2023