ԷՅՈՒՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դադրած էին պաշտամունքները եւ նորընտիր թաղային խորհուրդի կողմէ ձեռնարկուած էր բարեզարդման աշխատանքներու։ Եկեղեցւոյ վարչայինները սոյն այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը դեկտեմբերի 7-ին նախատեսուած եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ դեկտեմբերի 9-ին ինք պիտի մատուցանէ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ վարչայիններուն իրենց գործունէութեանց մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2023