ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ Է. ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Մեծանուն նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած Է. միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ «Քրիստին Սալերի » հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած այս մրցոյթի դատակազմին մէջ են Ռեհան Սարըպայ, Իտա Քահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Մայտա Սարիս եւ Արթին Տեմիրճի։ Մրցոյթի կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ Առլին Նեւրուզ։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Սօնա Մենթեշէ, Քորին Չեմպէր, Վարդան Պալմումճուեան եւ Արման Ծատուր։

Շաբաթ առաւօտ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած այս մրցոյթը՝ երեք դասաւորումներու մէջ։ Համայնքային 15 վարժարաններէ 30 նախակրթարանի աշակերտ մասնակցեցաւ մրցոյթին։ Նախակրթարանի տղաքը նկարչական աշխատանքը տարին՝ երջանկութեան իմաստին եւ իրենց ընկալման շուրջ։

Բաց աստի, մրցոյթին մասնակցեցաւ 30 միջնակարգի եւ 15 լիսէի աշակերտ։ Անոնք ալ իրենց ստեղծագործական աշխատանքը կատարեցին՝ աշխատող մանուկներու եւ պատանիներու աշխատուժ դարձած ըլլալուն բերումով ստեղծուած խնդիրներուն շուրջ։ Իւրաքանչիւր խումբին համար նախատեսուած էր երկու ժամուան աշխատանքի ժամանակաշրջան մը։

Դատակազմը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորէ տղոց աշխատանքները եւ մրցոյթի պարգեւաբաշխման հանդիսութիւնը նախատեսուած է 12 Մայիսին։

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018