ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍԳԱՆ ԼԷՕ ՀԱԼԷԲԼԻԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀԸ

Թրքահայ համայնքային շրջանակները օրերէ ի վեր կը սգան Լէօ Հալէբլիի անժամանակ մահը։ Անցեալ շաբթուան արձակուրդի օրերուն ան հազիւ քառասուն տարեկանին եղաւ յանկարծամահ։ Ինչպէս իր ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին, այնպէս ալ մեր ամբողջ իրականութեան տեսակէտէ ցնցիչ կորուստ մըն էր այս մէկը։ Բոլորը կը դժուարանան հաւատալ, թէ Լէօ Հալէբլիի նման լաւ պատրաստուած, համակրելի եւ իսկապէս արժէքաւոր դէմք մը մեզի լքած է Նախախնամութեան տնօրինութեամբ։

Լէօ Հալէբլի 1981 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ վերջ յաճախած էր Ռոպերթ քոլէճ, ուր յաջող աշակերտ մը ըլլալու առընթեր, հետամուտ եղած էր բազմակողմանի ընկերամշակութային աշխատանքի՝ սկսելով թատրոնէ մինչեւ համակարգիչ։ Համալսարանական ուսումը ստացած էր արտասահմանի մէջ։ Ռոպերթ քոլէճէ վկայուելէ վերջ յաճախած էր Պոսթոնի համալսարանը, ուր մասնագիտացած էր տնտեսութեան վրայ։ Ապա անցած էր London School of Economics, ուր մասթըրի թեզը պաշտպանած էր՝ Եւրոմիութեան համարկման տնտեսական քաղաքականութեան շուրջ։ Արտասահմանի ուսանողութեան տարիներուն եւս բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով հանդէս եկած էր։ Թէեւ տնտեսագիտութեան վրայ մասնագիտացած էր, սակայն կը զբաղէր նաեւ գրականութեամբ, փիլիսոփայութեամբ եւ ընկերաբանութեամբ։ Նոյնիսկ Իսթանպուլ վերադառնալէ վերջ միջոց մը զբաղած էր իր ընտանիքի աւանդական արհեստով՝ արծաթագործութեամբ։ Լոնտոնի մասթըրը առաջնութեամբ աւարտած Լէօ Հալէբլի տարիներ վերջ յայտնած էր, որ իր մտաւոր կազմաւորման ամենակարեւոր փուլը հանդիսացած էր London School of Economics-ը։ Աշակերտական շարժումներու ներգրաւուած, համալսարաններէ ներս ուսանողական միաւորումներ հիմնած կամ ղեկավարած, ընկերներուն հետ ձեռնարկներ կազմակերպած աշխոյժ մտաւորական մըն էր Լէօ Հալէբլի, որ մանաւանդ երիտասարդութեան տարիներուն փորձած էր նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան բերել իր նպաստը։ 2009 թուականին հաւանական դարձած էր պետական համակարգէ ներս ընդգրկուիլը՝ որպէս Եւրոմիութեան մասնագէտ։ Հանրապետական շրջանի սակաւաթիւ հայազգի պետական պաշտօնեաներէն մին դառնալու հեռանկարը ուրուագծուած էր իր առջեւ, սակայն աւելի վերջ զանազան միջամտութիւններով ձախողած էր այդ ծրագիրը։ Դատական վճիռներով արդիւնքները թէեւ ջնջուած էին, սակայն Լէօ Հալէբլի արդէն որոշած էր ուրիշ ուղղութիւններով շարունակել իր գործունէութիւնը։ Այդ շրջանին ան վերստին արտասահման մեկնիլ նախընտրած էր եւ այնտեղ մնացած էր որոշ ժամանակ։

Լէօ Հալէբլի, դժբախտաբար, երիտասարդ տարիքին ապրած էր իր սիրեցեալ մայրը՝ հոգելոյս Իմելտա Հալէբլին կորսնցնելու մեծ ցաւը։ Այդ կորուստը ճամբաբաժան մը եղած էր իրեն համար եւ վերջին տարիներուն վերադարձած էր քաղաքս ու վերագտած էր իր սիրեցեալ հայրը՝ Կարօ Հալէբլին, որ Գոց շուկայի նշանաւոր «Մելտա» վաճառատան սեփականատէրը, տնօրէնը եղած էր երկար տասնամեակներ։ Արծաթագործութեան մէջ հեղինակութիւն մը կը համարուի Կարօ Հալէբլի, որու կերպարը ներշնչած էր իր որդին։ Կարօ Հալէբլի Գատըգիւղի ընտանիքի սիւներէն է, Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ դպրապետը։ Այժմ սուգի ծանր պահուն ամբողջ Գատըգիւղի ընտանիքը անվերապահօրէն զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ զինքը։

Վաղամեռիկ Լէօ Հալէբլիի յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ սգակիրներու շարքին էր եւ հայրաբար միացաւ այն աղօթքներուն, որոնք Լէօ Հալէբլիի հոգւոյն հանգստութեան համար երկիր վերառաքուեցան։ Տխուր հրաժեշտի պահուն դամբանական մըն ալ խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ծանրացաւ Լէօ Հալէբլիի կեանքին ու գործունէութեան վրայ եւ իր ընտանիքը մխիթարեց՝ այս անժամանակ կորուստի պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ։ Յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը աղօթեց Լէօ Հալէբլիի հոգւոյն հանգստութեան համար եւ իր անշունչ մարմինը հողին յանձնուեցաւ Ուզունչայըրի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք սիրելի Լէօ Հալէբլիի անմեղ հոգւոյն ու կը մաղթենք, որ ան երկինքի արքայութեան մէջ վերագտնէ իր մօր գուրգուրանքը։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր սգաւոր հօր՝ մեր վաղեմի բարեկամ ուրարակիր Կարօ Հալէբլիին, հօրաքրոջ՝ Մինէ-Պերճ Էրլեւենտ ամոլին, Նուրհան-Շուշան Էրլեւենտ ամոլին եւ դստեր՝ Նատին Էրլեւենտին, Սարգիս-Տալիտա Էրլեւենտ ամոլին, ամբողջ Գատըգիւղի ընտանիքին եւ վաղամեռիկ Լէոյի բոլոր սիրելիներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021