ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ ԵՒ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱԼԱԹԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յետվիրահատական դարմանման գործընթացը աւարտած ըլլալով՝ այսօր կէսօրէ առաջ դուրս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն։ Այս առթիւ կարճ զրոյց մը ունեցանք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ փառք կու տայ Աստուծոյ՝ առողջութիւնը արագօրէն վերագտած ըլլալու համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մասնագիտական անձնակազմին եւ ղեկավարութեան՝ գլխաւորութեամբ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան համար։ Ուրախառիթ է, որ բժիշկները իր առողջական վիճակը բաւարար գնահատած են եւ իր պարագային կարելի եղած է բաւ համարել անմիջական վերահսկողութիւնը։

Համայնքային շրջանակները ուրախութեամբ կ՚ողջունեն այս իրադարձութիւնը։ Ծանօթ է, որ օրերէ ի վեր բոլորը կը միանային Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար բարեմաղթութիւններուն եւ աղօթքներուն։ Նկատի ունենալով քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած ռիսքերը՝ հիւանդանոցի մէջ սահմանափակուած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շփումները՝ մանաւանդ այցելութիւններ չէին ընդունուած։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ վաղը յետմիջօրէին օդային ճամբով պիտի մեկնի Մալաթիա։ Ան պիտի նախագահէ տեղւոյն՝ վերջերս վերանորոգուած Ս. Երրորդութիւն պատմական եկեղեցւոյ օծման եւ յարակից կառուցուած՝ մշակոյթի կեդրոնի բացման արարողութեան։ Այսպէսով, հիւանդանոցէ դուրս գալէ անմիջապէս վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած պիտի ըլլայ։ Այս կապակցութեամբ ան մեզի յայտնեց, որ Մալաթիոյ մէջ նախատեսուած ծրագիրը ունի նաեւ պետական-պաշտօնական բնոյթ, հետեւաբար, ինք չէ փափաքած որեւէ փոփոխութեան կատարուիլը։ Հարկ է նշել, որ կազմակերպչական աշխատանքներուն անմիջականօրէն ներգրաւուած է «Մալաթիա-Հայտէր» միութիւնը։

Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիէն եւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ համալիրի վերանորոգութենէն վերջ, Մալաթիոյ պատմական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգումը կու գայ լրացնել այս շարքը։ Դժբախտաբար, Տիարպաքըրի եկեղեցին վերանորոգուելէ վերջ դարձեալ խոնարհուեցաւ՝ ահաբեկչական սպառնալիքներով պայմանաւորուած հանգամանքներու մէջ։ Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկայ շրջանին պետութիւնը վերստին վերականգնէ այս սրբավայրը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն հայկական սրբավայրը կը հանդիսանայ։ Այժմ Մալաթիոյ մէջ կեանքի կոչուած ծրագիրը եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ վերյիշելու համար ամբողջ Անատոլուի տարածքէն ներս հայերու պատմական ներկայութիւնը։ Հարկ է մատնանշել, որ այս բոլորի շարքին Տիարպաքըրի եկեղեցին միակն է, որ կը պատկանի համայնքին, կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ եւ մատակարար մարմինը կ՚ընտրուի համայնքին կողմէ։ Միւս պատմական սրբավայրերու պարագային արտօնութիւն կը տրուի, որ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ պարբերաբար կատարուին պաշտամունքներ։

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ հիւանդանոցի մէջ կեցութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան փութացած է նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ արագ ապաքինում ու կատարեալ առողջութիւն մաղթած է, իր աղօթակցութիւնով հանդերձ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021