ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ զօրակցութեան առարկայ դարձնել մեր համայնքի համեստ խաւերը։ Մասնաւորապէս քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանը այս յանձնախումբին միջոցաւ սննդամթերքի օժանդակութիւն կ՚իրականացնէ՝ համագործակցելով մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն հետ։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ վերջին օրերուն նպաստընկալները սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներու համար նախատեսուած բոլոր օժանդակութիւնները ստացած են։ Աւելի քան 700 ընտանիք եւ աւելի քան 1600 անհատ կ՚օգտուի այս նախագիծէն։

Պատրիարքական Աթոռը այս փուլին կը կրկնէ իր կոչը, որպէսզի համայնքային շրջանակները աջակցութիւն ցուցաբերեն ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի նախաձեռնութիւններուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021