ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ վախճանման քառասնից լրման առթիւ։ Օրուայ սկիզբին ան ոգեկոչուեցաւ՝ իր հասած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Յետմիջօրէին ալ նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ մասնաւոր հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ վերյիշուեցաւ հայր սուրբը, մինչ բոլորը աղօթեցին իր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021