ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔ

Կեդրոնական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտները շաբաթավերջին այցելեցին՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։ Ուսուցչական կազմէն Տիանա Պուլտուքի, Լիզէթ Էրէնի եւ Արփինէ Քէօրօղլուի հսկողութեան տակ տղաքը իրականացուցին այս պտոյտը։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցիի պատմութեան շուրջ ու պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն։

Զրոյցի աւարտին Այվազեան ուրախութիւն յայտնեց բազմանդամ աշակերտութեան խումբ մը հիւրընկալած ըլլալու բերումով եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018